Մէ­կու­կէս տար­ուան դա­դա­րէ ետք, Ռուս­իոյ եւ Թուրք­իոյ նա­խա­գահ­նե­րը  29 Սեպ­տեմ­բե­րին դէմ առ դէմ հան­դի­պած են ծո­վափ­եայ Սո­չի քա­ղա­քին մէջ։ Հան­դիպ­ման օրա­կար­գը, ըստ թր­քա­կան մա­մու­լի բնո­րոշ­ման, կազ­մած են բարդ հար­ցեր։
Թր­քա­կան ընդ­դի­մա­դիր «Ճում­հուրի­էթ» թեր­թը կը յայտ­նէ, որ նախ­քան հան­դի­պու­մը Էր­տո­ղան եր­կու յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րած է, որոնց մէ­կը զայ­րա­ցու­ցած է Մոսկ­ուան, իսկ միւ­սը՝ գո­հա­ցու­ցած: Խօս­քը Խրի­մի եւ «S-400»նե­րու մա­սին Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին է։ Մէկ առի­թով ան օգ­տա­գոր­ծած է «Խրի­մի բռ­նակ­ցում» ձե­ւա­կեր­պու­մը, իսկ այլ առի­թով՝ ամե­րիկ­եան CBS ալի­քին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին, յայտ­նած է, որ Ան­գա­րան ռու­սա­կան «S-400»նե­րու նոր խմ­բա­քա­նակ պի­տի գնէ։ Խրի­մի կնճ­ռոտ հար­ցէն բա­ցի Մոսկ­ուան կ’ան­հանգս­տաց­նէ թր­քա­կան անօ­դա­չու թռ­չող սար­քե­րու վա­ճառ­քը Ուք­րան­իոյ։
Բայ­ցե­ւայն­պէս Ռուս­իոյ հա­մար օրա­կար­գի ամե­նա­կա­րե­ւոր նիւ­թը եղած է Իտ­լի­պի տի­րող իրա­վի­ճա­կը։ Մոսկ­ուան Ան­գա­րան կը մե­ղադ­րէ այս հար­ցով նախ­կին հա­մա­ձայ­նու­թեան դրոյթ­նե­րը անի­րա­գոր­ծե­լի պա­հե­լու եւ դան­դաղ­կո­տու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար։
Աղ­բիւ­րը յայտ­նած է նա­եւ, որ Սոչիի մէջ քն­նարկ­ուած է Նա­խի­ջե­ւա­նը Ատր­պէյ­ճա­նին կա­պող «Սիւ­նի­քի մի­ջանց­քը» եւ Լիպ­իոյ հար­ցը։