Քրիս­տոն­եայ ազ­գե­րէն ո՛չ մէ­կը այն­քան կապ­ուած է խա­չին, որ­քան հայ ժո­ղո­վուր­դը: Հա­յու­թեան հա­մար խա­չը Յի­սու­սի խա­չե­լու­թեան խորհր­դա­նի­շէն շատ աւե­լի մեծ ու վսեմ գա­ղա­փար­նե­րու խորհր­դա­նիշ մըն է։ Հայ ազ­գը իր կեան­քը նոյ­նա­ցու­ցած է Խա­չի Խոր­հուր­դին ու գա­ղա­փա­րին հետ։ Հա­յու­թեան կեան­քը իրա­կան խա­չե­լու­թիւն մը եղած է դա­րե­րով, քան­զի ան ամե­նայն հա­ւա­տար­մու­թեամբ հե­տե­ւած է Մար­դաց­եալ Աս­տու­ծոյ խա­չի ճա­նա­պար­հին եւ արիւ­նոտ Գող­գո­թա­յին։
Հայ ժո­ղո­վուր­դը խա­չը իր գո­յու­թեան խորհր­դա­նիշ ըրած է, իւ­րա­ցու­ցած է եւ անոր հա­մար հայ­կա­կան Տօն հաս­տա­տած է (Վա­րա­գայ սուրբ Խա­չի Տօ­նը) ու զայն գտած է Հա­յաս­տա­նի մէջ, հայ հո­ղին վրայ, Վա­րա­գայ լե­րան քա­րան­ձաւ­նե­րէն մէկուն մէջ, տե­սիլ­քով եր­կու սր­բակ­եաց ճգ­նա­ւոր­նե­րու՝ Թո­ղի­կի եւ Յո­վէ­լի, Է. դա­րուն: Հա­յը իր տա­ռա­պան­քի օրե­րուն միշտ Խա­չով առաջ­նորդ­ուած է, զայն լու­սա­ւոր ջա­հի մը պէս իր առ­ջե­ւէն տա­րած է, անով պաշտ­պան­ուած է՝ իբ­րեւ ան­պար­տե­լի վա­հան մը, իբ­րեւ յաղ­թութ­եան զէն մը եւ լու­սա­տու փա­րոս։ Ան Խա­չին դի­մած է իր նա­ւուն ալե­կոծ օրե­րուն՝ խա­ղաղ նա­ւա­հան­գիստ գտ­նե­լով անոր լու­սա­ճա­ճանչ թե­ւե­րուն տակ: Ատոր հա­մար ալ մեր բա­րե­պաշտ հայ­րե­րը իրա­ւունք ու­նէ­ին իրենք զի­րենք խա­չա­պաշտ եւ խա­չակ­րօն կո­չե­լու:
Խա­չը ամե­նու­րեք է մեր ազ­գի կեան­քին մէջ, ո՛չ միայն մեր եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ ու խո­րան­նե­րուն վրայ, այ­լեւ մեր տու­նե­րուն մէջ, մեր նն­ջեց­եալ­նե­րու շի­րիմ­նե­րուն վրայ: Անոր հո­վանի­ին տակ անխ­ռով կը հանգ­չին մեր սի­րե­լի­նե­րը:
Մեր կուրծ­քին վրայ կը կրենք խա­չը, մեր երե­սը անով կը խա­չակըն­քենք՝ անոր սուրբ պաշտ­պա­նութ­եան ապա­ւի­նե­լով: Մեր Շա­րակ­նոցն ու Ժա­մա­գիր­քը լե­ցուն են խա­չին նուիր­ուած եր­գե­րով ու տա­ղե­րով, շա­րա­կան­նե­րով ու աղօթք­նե­րով։
Վեր­ջա­պէս, խա­չը կ’իշ­խէ մեր բո­վան­դակ կեան­քին։ Ոչ մէկ ազգ այն­քան ըմբռ­նած է խա­չի տա­ռա­պան­քին կեն­սա­տու եւ փր­կա­րար զօ­րու­թիւնը որ­քան հայ ազ­գը: Ան միշտ հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած է խա­չին ու Խաչ­եա­լին։ Անոր հա­մար չար­չար­ուած , հա­լած­ուած ու տա­ռա­պած է, սա­կայն չէ ու­րա­ցած զայն, չէ լքած զայն, այլ հա­ւա­տած է անոր փր­կա­րար խոր­հուր­դին, ու անոր վրայ խաչ­ուած Փրկ­չին. հա­ւա­տած է Աստ­ուա­ծորդ­ւոյն յա­րու­թեան ու ան­մա­հու­թեան խոս­տու­մին, եւ այդ հա­ւատ­քով ապ­րած է յա­ւեր­ժօ­րէն։
Հայ ազ­գը կր­նար պար­սիկ­նե­րուն, յոյ­նե­րուն, արաբ­նե­րուն եւ թուր­քե­րուն նման իր մոր­թը ազա­տե­լու եւ իր ֆի­զի­կա­կան գո­յու­թիւնը փր­կե­լու հա­մար, ու­րա­նալ իր հա­ւատ­քը՝ իր հո­գին։ Սա­կայն, մեր ժո­ղո­վուր­դը այդ մէ­կը չը­րաւ եր­բեք, որով­հե­տեւ ատոր մէջ տե­սաւ իր մա­հը, իր կո­րուս­տը, իր ու­րա­ցու­մը, իսկ խա­չին մէջ՝ իր երազ­նե­րը, իր իտ­է­ալ­նե­րը, իր յա­րու­թիւնն ու յա­ւեր­ժու­թիւնը: Ան իր վէր­քե­րը բու­ժեց Խա­չին սպե­ղանի­ով եւ ապ­րե­ցաւ վերս­տին՝ աւե­լի՛ կայ­տառ ու կեն­սու­նակ: Ինչ­պէս ամէն ան­հատ, այն­պէս ալ ամէն ազգ ու­նի իր խա­չը։ Հայ ժո­ղո­վուր­դը գտաւ իր խա­չը եւ չու­զեց զայն կորսնց­նել. միշտ յոյ­սով նա­յե­ցաւ խա­չին, ու ան­կէ ող­ջու­նեց յա­րու­թեան լու­սա­պայ­ծառ ար­շա­լոյ­սը: Տա­ռա­պան­քը թր­ծեց, զօ­րա­ցուց իր ապ­րե­լու ան­մեռ կամ­քը, ինչ­պէս եր­կա­թը շէկ կրա­կի մէ­ջէն անց­նե­լէ վերջ՝ աւե­լի կը զօ­րա­նայ ջր­դեղ­ուե­լով: Հա­յու­թիւնը խա­չին մէջ տե­սաւ քա­ջու­թիւն, համ­բե­րու­թիւն, իմաս­տու­թիւն ու անոր մէջ գտաւ մխի­թա­րու­թիւն եւ յոյս, սէր եւ լոյս, կեանք եւ ան­մա­հու­թիւն: Ու քսան­մէկ դա­րեր շա­րու­նակ եր­գեց խա­չին Փառ­քը եւ յաղ­թա­նա­կը, ըսե­լով. «Փառք Ս. Խա­չիդ, ալէլ­ու­իա: Խա­չեց­եա­լիդ, ալէլ­ու­իա»։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Դպրեվանքի սան
Հալէպ, 25 Սեպտեմբեր 2021
Շանթ Սրկ. Գա­տեհճ­եան