Կար ու չկար, հե­ռա­ւոր գիւղ մը կար, որուն բո­լոր բնա­կող­նե­րուն հա­սա­կը յի­սուն սմ.-ի չէր հաս­ներ: Այդ գիւ­ղին անունն էր «գա­ճաճ­նե­րու գիւղ»:
Օր մըն ալ երբ ճամ­բորդ մը կ’այ­ցե­լէ գիւ­ղը, կը զար­մա­նայ այս երե­ւոյ­թէն: Եր­կար պրպ­տում­նե­րէ յե­տոյ երե­ւան կու գայ, որ քա­նի մը հա­րիւր տա­րի առաջ, կա­խարդ մը անի­ծած է գիւ­ղը ըսե­լով. «Բո­լոր անոնք, որոնք կը բամ­բա­սեն, իրենց հա­սա­կէն պի­տի կորսնց­նեն եր­կու սմ.»:
Եթէ նման անէծք գայ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան գլ­խուն, կը կար­ծեմ, որ բո­լո­րին հա­սա­կը գետ­նին տակ կ’անց­նի…:
Էլէնա Աւագեան