Մանկութեան օրերուս շատ լսած եմ մեր մեծերուն կողմէ ըսուած այս արտայայտութիւնը: Երբեմն մեղադրանքի շեշտով, երբեմն խրատի ոճով եւ յաճախ աղօթքի ձեւով ըսուած է. «Աստուած խելք-շնորհք տայ» հաճելի մաղթանք-աղօթքը եւ զգաստութեան հրաւիրող յիշեցում-անդրադարձը: Չեմ գիտէր թէ ո՞վ է այս ընդհանրացած եւ ժողովրդային ընդունելութիւն գտած ասացուածքին հեղինակը: Հիներէն եկած եւ մեզի փոխանցուած շատ մը շահեկան խօսքեր՝ իմաստութեամբ ապրող եւ սորվեցնելու ատակ եղող մարդոց կը պարտինք, որոնք տպաւորիչ եւ դաստիարակիչ խորհուրդներուն թարգմանը հանդիսացան: Երբ կը մտաբերեմ մանկութեանս օրերը, որոշ դէմքեր աչքիս առջեւ կը տողանցեն: Անոնցմէ է լուսահոգի Տէր Գարեգին Քահանայ Քիրազեանը, որ երկար տարիներ ջերմեռանդ հոգիով ծառայեց Հալէպի Ս.Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: Որպէս տաներէց յաճախ մերիններուն կ’այցելէր: Մեծ հօրս մօտէն կը ճանչնար: Հոգեհարազատ իր ներկայութիւնը ցանկալի էր մեզի համար: Իր հաղորդական նկարագիրով, հրեշտակային ձայնով եւ հարուստ փորձառութեամբ կրցած էր շահիլ իր ծխայիններուն խոր յարգանքն ու հալէպահութեան համակրանքը: Ան օր մը Ս.Ծննդեան տօնին առիթով մեզի այցի եկաւ: Նախքան տնօրհնէք կատարելը զիս հարցուց՝ «Աստուած ի՞նչ կու տայ»: Հազիւ եօթ տարեկան էի: Չկրցայ պատասխանել: Ինծի համար նորութիւն էր այս հարցումը: Հանելուկ մը, որ մտքի կարողութենէս վեր էր: Տէր Գարեգին մեղմ ժպիտով ըսաւ.«Տղաս, Աստուած խելք եւ շնորհք կու տայ»: Բացատրեց, թէ Աստուած բարի է եւ Իր սէրէն մղուած մեզի շնորհք կու տայ, որպէսզի օրինակելի վարք ու բարքով ըլլանք հնազանդ մեր ծնողքին: Ապա թելադրեց որ ետ կրկնեմ իր ըսածը: Հետաքրքրական այս խօսքը դրոշմուած մնաց մտքիս մէջ:
Հոս փակագիծ բանալով կ’ուզեմ ամփոփ կերպով խօսիլ տէր հօր մասին: Տնեցիներով կ’ուզէինք վայելել իր խանդավառող ներկայութիւնը եւ լսել աղօթաբոյր մաղթանքները: Իր գալուստը մշտապէս խրախուսիչ էր… տօնական օրերը համով եւ հոտով դիմաւորելու «գաղտինք»ը ունէր «Ամենայն Հայոց Տէր Գարեգինը» (Այդպէս կ’ըսէին շատեր): Կարելի չէ մոռնալ իր իւրայատուկ ձայնը, որ հաւատացեալներուն հոգւոյն խորքը կը թափանցէր եւ խոցուած սիրտերը կը սփոփէր: Ամիսներ վերջ, Ս.Յարութեան տօնին առիթով դարձեալ քահանան ժամանեց: Սիրալիր ընդունելութեամբ հիւրընկալուեցաւ: Մենք համոզուած էինք, թէ տնօրհնէքով անմասն պիտի չմնանք Քրիստոսի Յարութեան յուսաբեր եւ յաղթաբեր աւետիսէն: Տնեցիները գոհունակ սիրտով կը ստանային օրհնանքը: Այդ պահուն երկիւղած մթնոլորտով աղօթքի կը հետեւէին. մէկդի կը ձգէին ուրիշ զբաղումներ: Տէր հայրը ունէր ընկերակցող դպիր մը՝ որպէս օգնական: Նախքան աղօթելը զիս հարցուց.«Տղաս, Աստուած ի՞նչ կու տայ»: Առանց ձգձգումի շուտով պատասխանեցի.«Աստուած խելք-շնորհք կու տայ»: Տէր Գարեգինը «Շատ ապրիս» ըսելով բարոյական բարենիշ մը տուաւ ինծի: Ուրախ էի: Անդրադարձայ, թէ «Խելք-շնորհք»ը կարեւոր է, մեր տաներէցին արտայայտութեան եղանակէն եւ խօսելու ոճէն հասկցայ թէ այլեւս «Խելք-շնորհք»ի դասը երբեք պէտք չէ մոռնամ: Տարիներ շարունակ, ամէն անգամ երբ քահանայ հայրը մեզի այցելէր, առանց վարանելու զիս կը հարցնէր «Խելք-շնորհք»ին մասին: Հիմա արդէն երեսուն տարիներ անցան, բայց երբեք մտահան չեղաւ սովորութեան վերածուած կարճ երկխօսութիւնը: Մենք սովորաբար կը մտածենք մեր չունեցածներուն մասին: Ուստի կը գանգատինք եւ մեր անձին հետ չենք հաշտուիր: Աւելին՝ Տիրոջ նկատմամբ տրտունջք կ’ունենանք, բան մը, որ մեծագոյն արգելքներէն է սրտաբուխ աղօթքներուն եւ հոգեւոր ապրումներուն: Յաճախ կը կարծենք, թէ սնանկացած ենք բարութենէն, օտարացած՝ շնորհքներէն եւ հեռացած՝ օրհնութիւններէն…:
Իրականութեան մէջ եթէ հաւատքով ընթանանք պիտի տեսնենք, թէ Աստուած խելք եւ շնորհք առատապէս տուած է, այնքան ատեն որ տակաւին լաւը ընտրելու, բարիին կառչելու, պիտանին բաժին ունենալու, ժամանակը օգտագործելու եւ գեղեցիկը գովելու պատեհութիւն եւ ոսկի առիթը կայ:
«Խելք եւ շնորհք». երկու երկնային դրամագլուխներ, բացառիկ յատկութիւններ, եզակի արժէքներ եւ մարդը վեհ պահելու պատուաստներ, որոնց ճամբով մարդը հետամուտ կ’ըլլայ արդարութեան, կողմնակիցը՝ ճշմարտութեան, արձագանգը՝ աշխատասիրութեան, յուշարարը՝ խղճի մաքրութեան, խօսնակը՝ օրինապահութեան, օրինակը՝ բարութեան եւ ներկայացուցիչը՝ վայելչութեան: Խելք. այսինքն՝ իմաստութեան ճառագայթող ազդեցութիւնը, իսկ շնորհքով ապրիլը կ’ենթադրէ Աստուծոյ տուած պարգեւներուն նկատմամբ արթուն վերակացութիւն եւ հաւատարիմ տնտեսութիւն:
Նեղացուցիչ կը թուէր «Աստուած խելք-շնորհք տայ» ըսելաձեւը, բայց հիմա կը զգանք, թէ կարիքը ունինք անոնց…: Չափահասութեան տարիքին եւ կեանքի որոշ փորձառութեան լոյսին տակ աւելի յստակ տեսանք «Խելք-շնորհքին» տեղն ու դերը:
Խելքը խոհեմութեամբ ապրելու արուեստին բանալին է, իսկ շնորհքը մտքի պայծառութեան, հոգիի վեհութեան եւ սրտի անբծութեան հրաւիրող ճանապարհն է, որմէ անցնողը պիտի քալէ դէպի Աստուած եւ անմահութիւն: Աստուած խելք եւ շնորհք տայ… քանզի ունայն աշխարհէն միայն խելքի եկողները եւ շնորհքին յենողները արժանի պիտի ըլլան կոչուելու փրկութեան ժառանգորդներ:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան