Տէ­րը քու մեղքդ նե­րեց
Դա­ւիթ Նա­թան Մար­գա­րէ­ին ըսաւ. «Տի­րո­ջը դէմ մեղք գոր­ծեցի» Եւ Նա­թան ըսաւ Դա­ւի­թին. «Տէրն ալ քու մեղքդ նե­րեց, պի­տի չմեռ­նիս» (Բ.Թգ12.13): Այս­տեղ շատ կա­րե­ւոր ճշ­մար­տու­թիւն մը կը յայտն­ուի: Նա­թան մար­գա­րէն անուղ­ղակի­օ­րէն Դա­ւի­թին կ’ըսէ. եթէ դուն յան­ցա­ւոր ես եւ իբ­րեւ մար­դաս­պան ու շնա­ցող մա­հա­պա­տի­ժի կը սպա­սես, որով­հե­տեւ ինչ­պէս առաք­եա­լը կը յի­շեց­նէ՝ «մեղ­քին վարձ­ատ­րու­թիւնը մահ է» (Հռ 6.23)… սա­կայն, եթէ մե­ղա­ւոր մար­դէն մեղ­քը փո­խադր­ուի, շատ հա­ւա­նա­կան է, որ ան չմեռ­նի, պայ­մա­նաւ, որ ու­րի­շը մեռ­նի իր ան­ձին փո­խա­րէն, իր մեղ­քե­րը կրե­լով … Եւ Նա­թան մար­գա­րէն կար­ծէք ապա­գա­յին կա­տար­ուե­լիք Նոր Կտա­կա­րա­նէն ակ­նարկ մը կը ներ­կա­յաց­նէ ու կը յայտ­նէ, բա­ցատ­րե­լով Դա­ւի­թին, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ Քրիս­տո­սը պի­տի մեռ­նի իր ան­ձին փո­խա­րէն՝ կրե­լով իր մեղ­քե­րը:
Ան­մե­ղը կը մեռ­նի մե­ղա­ւո­րին հա­մար
Հին Կտա­կա­րա­նի օրէն­քին մէջ, մե­ղա­ւոր մար­դը ան­պայ­մա­նօ­րէն զոհ պէտք էր մա­տու­ցեր: Ուս­տի, անի­կա տա­ճար կու գար քա­հա­նա­յին առ­ջեւ եւ ձեռ­քը զո­հին գլու­խին վրայ կը դնէր եւ կը խոս­տո­վա­նէր իր մեղ­քե­րը: Այդ ձե­ւով Աստ­ուած կ’ըն­դու­նէր անոր խոս­տո­վա­նու­թիւնը եւ իր մեղ­քը իր­մէ դէ­պի զոհ ըն­ծայ­ուե­լիք անա­սու­նին կը փո­խանց­ուէր եւ ապա քա­հա­նան զայն կը մոր­թէր Տի­րոջ առ­ջեւ: Մեղ­քի հա­մար ըն­ծայ­ուած զո­հի օրէն­քը հե­տեւ­եալն է. «Եւ եթէ մեղ­քի պա­տա­րա­գի հա­մար գառ մա­տու­ցա­նե­լու ըլ­լայ, անա­րատ էգ մը թող բե­րէ: Եւ իր ձեռ­քը մեղ­քի պա­տա­րա­գին գլ­խուն վրայ դնէ ու ող­ջա­կէզ­նե­րուն մորթ­ուե­լու տե­ղը մեղ­քի պա­տա­րա­գի հա­մար մոր­թէ զայն: Եւ քա­հա­նան իր մա­տո­վը մեղ­քի պա­տա­րա­գին արիւ­նէն թող առ­նէ ու ող­ջա­կէ­զի սե­ղա­նին եղ­ջիւր­նե­րուն վրայ դնէ եւ մնա­ցած բո­լոր արիւնը սե­ղա­նին յա­տա­կը թա­փէ: Եւ խա­ղա­ղու­թեան զո­հէն գա­ռին ճար­պը փրց­ուե­լուն պէս՝ ասոր բո­լոր ճար­պը թող փրց­նէ ու քա­հա­նան սե­ղա­նին վրայ այ­րէ զայն՝ Տի­րո­ջը պա­տա­րագ­նե­րուն հետ եւ քա­հա­նան անոր ըրած մեղ­քին հա­մար քա­ւու­թիւն ընէ, որ թո­ղու­թիւն ըլ­լայ անոր» (Ղւ 4.32-35):
Ժա­մա­նա­կին մեղ­քե­րու թո­ղու­թիւնը խոս­տո­վա­նու­թեան ճամ­բով կը տր­ուէր. մե­ղա­ւո­րը իր ձեռ­քը կը դնէր զո­հի գլու­խին եւ մեղ­քը իր­մէ դէ­պի զո­հը կը փո­խանց­ուէր: Պա­տա­րա­գուող զո­հը սե­ղա­նին վրայ կը դր­ուէր եւ քա­հա­նան անոր արիւ­նէն առ­նե­լով  կը քսէր ող­ջա­կէ­զի սե­ղա­նին եղ­ջիւր­նե­րուն եւ մե­ղա­ւո­րին մեղ­քե­րը կը քաւ­ուէ­ին Տի­րոջ առ­ջեւ եւ զո­հա­րա­նին հա­մար վա­ռուող կրա­կը, որ աստ­ուա­ծա­յին կրակ կը նկատ­ուէր, կը լա­փէր զո­հա­սե­ղա­նին վրայ դր­ուած ճար­պը, որ­պէս­զի քաւ­ուէր մե­ղա­ւո­րին մեղ­քը:
Իսկ զո­հին հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը, որուն կը փո­խանց­ուի մեղ­քը եւ կը մորթ­ուի, ատի­կա նշան է, թէ անի­կա իբ­րեւ փր­կու­թեան երաշ­խիք կ’ըն­ծայ­ուի: Իսկ ան­մե­ղին, այս պա­րա­գա­յին ոչ­խա­րը, որ մեղք չէ գոր­ծած, մե­ղա­ւո­րին փո­խա­րէն մեռ­նե­լու հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը կու գայ ապա­հո­վե­լու ըն­ծայ­ուա­ծին ան­մե­ղու­թիւնը: Որով­հե­տեւ Հին Կտա­կա­րա­նին մէջ Աս­տու­ծոյ զոհ­ուած ոչ­խար­նե­րէն ոչ մէ­կը կր­նար Տի­րոջ առ­ջեւ մե­ղան­չել եւ մեղ­քը քա­ւէր, ին­չը կը վս­տա­հեց­նէ ըն­ծայ­ուած զո­հին ան­մե­ղու­թիւնը: Ուս­տի, մե­ղա­ւո­րին ձեռ­քին զո­հին գլու­խին դնե­լու իմաս­տը այն է, որ իր մեղ­քը ան­մե­ղին կը փո­խան­ցէ:
(շար.9)
Թարգմանեց`
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան