27 Սեպ­տեմ­բե­րի պա­տե­րազ­մէն մէկ տա­րի ետք, քա­ղա­քա­կան բե­մե­րու վրայ յս­տա­կօ­րէն կ’երե­ւին ատր­պէյ­ճա­նաթր­քա­կան այն նկր­տում­նե­րը, որոնք կը մի­տին,— ան­կախ ճամ­բա­նե­րու ապաշր­ջա­փակ­ման հար­ցին եւ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման առն­չուող քն­նար­կում­նե­րէն, պայ­մա­նա­ւոր­ուա­ծու­թիւն­նե­րէն,— հայ­կա­կան կող­մին իրա­ւունք­նե­րը ան­տե­սել: Աւե­լին. հայ­կա­կան պա­հանջ­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար ու­րա­ցու­մի մատ­նել բո­լո­րին կող­մէ, փո­խա­րէ­նը ատր­պէյ­ճա­նա­կան իրա­ւունք­նե­րու նոր եզ­րեր որո­նել՝ մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թիւն­նե­րու, տա­րածք­նե­րու, սահ­ման­նե­րու եւ այլ առում­նե­րով:

Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը, Խորհր­դա­յին Միու­թեան տա­րի­նե­րուն ապ­րե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ինք­նա­վար մար­զին մէջ, միու­թեան փլու­զու­մէն ետք ի գործ դրաւ ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման իր իրա­ւուն­քը եւ ար­դար պայ­քա­րով նուա­ճեց զայն: Այդ իրա­ւուն­քի խլ­ման փոր­ձը դա­տա­պար­տե­լի է, որուն դի­մաց հայ­կա­կան կող­մը ամէն առի­թով հն­չեց­նե­լու է այդ իրա­ւուն­քին տէր կանգ­նե­լու իր վճ­ռա­կա­նու­թիւնը:

Երկ­րորդ. պատ­մա­կան իր հայ­րե­նի­քին տէր կանգ­նե­լու իրա­ւուն­քը: Ար­ցա­խի պատ­մու­թիւնը, անոր մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թիւնը եւ ժո­ղո­վուր­դը դա­րե­րու ներ­կա­յու­թիւն ու­նին հայ­րե­նի այս հո­ղա­տա­րած­քին վրայ: Այս իրո­ղու­թեան դի­մաց պատ­մու­թիւնը եւ մշա­կու­թա­յին մեր հարս­տու­թիւնը աղա­ւա­ղե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի փոր­ձե­րը դա­տա­պար­տե­լը, պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւն­նե­րը հաս­տա­տե­լը հայ դիւա­նա­գէտ­նե­րու, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու եւ պատ­մա­բան­նե­րու նուա­զա­գոյն պարտքն է, որ պի­տի խո­չըն­դո­տէ պատ­մու­թեան աղա­ւաղ­ման իւ­րա­քան­չիւր փորձ, ինչ­պի­սի շա­հե­րու ծա­ռա­յող կող­մե­րէ ալ հն­չած ըլ­լան անոնք:

Եր­րորդ. Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան իրա­ւուն­քը: Սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան թու­լու­թիւնը աւե­լի յար­ձա­կո­ղա­պաշտ կը դարձ­նէ թշ­նա­մին ու որ­քան ալ որ ռու­սա­կան խա­ղա­ղա­պահ ու­ժեր տի­րու­թիւն ընեն այդ սահ­ման­նե­րուն, հայ­կա­կան ու­ժե­րուն դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւնն ու սահ­ման­նե­րուն տի­րու­թիւն ընե­լու վճ­ռա­կա­նու­թիւնը պատ­նէշ կր­նան դառ­նալ թշ­նամի­ին նկր­տում­նե­րուն եւ ապա­գայ ծա­ւալ­ման ծրա­գիր­նե­րուն:

Ցա­ւօք, պա­տե­րազ­մէն տա­րի մը ետք, մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րու կամ հայ­կա­կան ներ­քին հար­թակ­նե­րու վրայ, այս իրա­ւունք­նե­րու ամ­րագր­ման մի­աս­նա­կան կամ­քի դր­սե­ւո­րու­մը կը մնայ տար­տամ, սահ­ման­նե­րու յս­տա­կա­ցու­մը, ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քի բարձ­րա­ձայ­նու­մը կը հն­չեն առա­ւե­լա­բար ընդ­դի­մու­թեան կող­մէ:

Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւնը մէկ ու մի­աս­նա­կան բա­նա­ձե­ւու­մով եւ վճ­ռա­կա­մու­թեամբ պէտք է հն­չեն ե՛ւ ընդ­դի­մու­թեան, ե՛ւ Հա­յաս­տա­նի դիւա­նա­գէտ­նե­րուն ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն կող­մէ: Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին թշ­նա­մին դիւ­րաւ պի­տի յա­ջո­ղի իր ապա­տե­ղե­կա­տուու­թեամբ ու քա­րոզ­չու­թեամբ կեղ­ծի­քը ընդ­հան­րաց­նել ու հայ­կա­կան իրա­ւուն­քնե­րուն տի­րու­թեան պայ­քա­րը խո­չըն­դո­տել:

Ար­ցա­խի հար­ցին կար­գա­ւո­րու­մը ցարդ կը մնայ ան­լու­ծե­լի, որ­քան ալ ատր­պէյ­ճա­նաթր­քա­կան կող­մե­րը յո­խոր­տան թէ չկայ նման հարց: ԵԱՀԿ Մինս­քի խմ­բա­կի վե­րաշ­խու­ժաց­ման փոր­ձե­րը եւս կու­ գան հաս­տա­տել այս իրո­ղու­թիւնը: Էա­կա­նը պաշտ­պա­նո­ղա­կան մեր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հզօ­րա­ցումն է, որ ցա­ւօք վտանգ­ուած է ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով: