Որո՞նք են COVID-19-ի ախտանշանները։

COVID-19-ի ախտանշաններէն են.
-Տաքութիւն կամ դող
-Հազ
-Շնչարգելութիւն կամ դժուարացած շնչառութիւն
-Յոգնածութիւն
-Մկաններու կամ մարմնի ցաւեր
-Գլխացաւ
-Համի կամ հոտի զգացողութեան կորուստ
-Կոկորդի ցաւ
-Խցանուածութիւն կամ քիթէն արտադրութիւն
-Սրտխառնոց կամ փսխում

Ինչպէ՞ս կը տարածուի պսակաձեւ ժահրը։

Մարդոց միջեւ ժահրը սովորաբար կը տարածուի հազալու եւ փռնգտալու, վարակուած անձի հետ անմիջական շփումի միջոցով: Հազուադէպօրէն COVID-19-ը կրնայ տարածուիլ նաեւ վարակուած մակերեսի մը դպչելով, այնուհետև բերանի, քիթի կամ աչքերու միջոցով, սակայն այս վերջինները հիւանդութեան տարածման հիմնական եղանակը չեն համարուիր:

Մարդիկ Ինչպէ՞ս կրնան օգնել հիւանդութեան տարածումը կանխելուն:

Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնները (CDC) խորհուրդ կու տան.

-Պատուաստուիլ, եթէ այդ կարելիութիւնը ունիք:
-Դիմակ կրել, երբ շփում կ՚ունենաք մարդոց հետ, եթէ նոյնիսկ պատուաստուած էք:
-Պահպանել ֆիզիքական հեռաւորութիւն (առնուազն վեց քայլ հեռաւորութիւն այլ մարդոցմէ):
-Խուսափիլ խճողուած վայրերէ եւ օդափոխման չենթարկուող տարածքներէ:
-Յաճախ լուալ ձեռքերը կամ ախտահանել զանոնք հականեխիչ հեղուկներով:

COVID-19-ը բուժելի՞ է։
Լաւագոյն բուժումը կանխարգիլումն է, ուստի պատուաստուեցէ՛ք, եթէ ունիք այդ իրաւունքը: Քանի որ COVID-19-ը ժահրային վարակ է, հակապիոթիկները չեն օգներ ձերբազատելու անկէ: