ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը որոշեց կարճ շրջանի մը համար դադրեցնել ֆութպոլի Ա-մակարդակի ախոյեանութիւնը, հաւաքականին Տուպայի մէջ ուսումնամարզական հաւաք ունենալուն պատճառով:
– Լաթաքիոյ Թշրին ակումբի ֆութպոլի կազմէն 11 խաղացողներ վարակուած են պսակաձեւ ժահրով:
– Սուրիոյ մարզական գերագոյն գրասենեակը նշանակեց Հալէպի Հուրիէ ակումբի նոր վարչութիւնը նախկին իրաւարար Նիզար Ուաթէի գլխաւորութեամբ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԳԱՌՆԻԿ ՉՈԼԱՔԵԱՆ՝ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ
ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Ֆինլանտայի Ռովանիէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ծանրամարտի Եւրոպայի պատանիներու եւ մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութիւններուն, Հայաստանը նուաճեց ոսկի մետալ: Հայաստանի ծանրորդներէն առաջինը մրցահարթակ դուրս եկաւ 55 քկ. ծանրութեան կարգի ծանրորդ Գառնիկ Չոլաքեանը: Պատանիներու առաջնութեան ան երկամարտի 230 (100+130) քկ. արդիւնքով գրաւեց առաջին դիրքը եւ հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան: Գառնիկ Չոլաքեան ոսկի մետալ նուաճեց նաեւ հրումի վարժութեան: Մրցանակային 2-րդ տեղը գրաւեց չեխ Ֆրանտիշէկ Պոլակը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌՈՆԱԼՏ ՔՕՈՒՄԱՆ ՊԱՏԺՈՒԵՑԱՒ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹՈՎ
Սպանիոյ ֆութպոլի Մրցաշարքի յանձնախումբը երկու շաբաթով կախակայած է քաթալոնէական ակումբի գլխաւոր մարզիչ, հոլանտացի Ռոնալտ Քօուման, Քատէշ խումբին դէմ տեղի ունեցած մրցումին, կարմիր քարթով դաշտէն դուրս գալու համար: Յանձնախումբը իր պատիժը որոշեց ըստ սպանիոյ ֆութպոլի կանոնագրի 120-րդ յօդուածին, եւ այդ պատճառով հոլանտացի մասնագէտը ներկայ պիտի չգտնուի կազմին նստարաններուն վրայ Լիվանթիի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի հանդիպումներուն: Յիշենք, որ Պարսելոնայի վարչակազմը մտահոգ է խումբի արդիւնքներէն եւ ան մտադիր է փոփոխութեան ենթարկել մարզիչը:
ՏՕՆՆԱՌՈՒՄՄԱՆ ԴԺԳՈՀ Է ԱԿՈՒՄԲԷՆ
Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանի իտալացի դարպասապահ Ժիանլուիկի Տօննառումման իր դժգոհութիւնը յայտնեց խումբին մէջ իր վիճակին համար. Տօննառումման ըսաւ . «ես կը սպասէի գրաւել խումբի գլխաւոր դարպասապահի դիրքը, բայց մինչ օրս Նավաս կը վարէ այս պաշտօնը. եթէ պիտի շարունակուի այս ընթացքը ես ակումբի պատասխանատուներէն պիտի խնդրեմ լքել կազմը»: Նշենք, թէ Տօննառումման ամառնային փոխադրաշրջանին միացաւ Սան Ժերմանին. նախապէս ան մաս կը կազմէր Միլանին:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ