«Երկիր».-Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լեյլա Ապտուլաեւան, պատասխանելով հարցումին, թէ նախատեսուա՞ծ է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը, յայտնած է, որ չէ բացառուած ապագային նման հանդիպումի մը իրականացումը:

«Օգտակար կը համարենք յետ հարցերու շրջանին հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման միտուած հարցերու քննարկումը: Որոշ ժամանակ առաջ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Մենք չենք բացառեր ապագային նման հանդիպում մը», ըսած է Ապտուլաեւան:

Անոր խօսքին համաձայն, «Հաղորդակցութիւններուն բացումը, սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններու սկիզբը կրնան առողջ հիմք ստեղծել տարածաշրջանի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ կառուցողական յառաջընթացի համար»:

Յիշեցնենք, որ 24 Սեպտեմբերին, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը Նիւ Եորքի մէջ: