Շա­բաթ, 2 Հոկ­տեմ­բեր 2021-ի առա­ւօտ­եան ժա­մը 11:00-ին, ՍՕ Խա­չի ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րո­նի «Գ. Հա­մալ­եան» սրա­հը լե­ցուն էր խա­չու­հի­նե­րով, որոնք եկած էին ՍՕ Խա­չի Շրջ. Վար­չու­թեան դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտն­ուե­լու: Հու­րի Մա­ղաք­եան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ ՍՕ Խա­չի քայ­լեր­գով յայ­տա­գի­րին բա­ցու­մը կա­տա­րեց: Ան անդ­րա­դար­ձաւ կնոջ, մա­նա­ւանդ հա­յուհի­ին, կեն­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան, որ­պէս կեն­սա­տու շունչ, քաջ մար­տիկ եւ մայր աղ­բիւր:
Ապա ան օր­ուան դա­սա­խօս Սիւ­զի Խշ­ուաճ­եան-Փի­լաւճ­եա­նին կեն­սագ­րա­կա­նը ըն­թեր­ցե­լէ ետք հրա­ւի­րեց զինք մա­տու­ցե­լու օր­ուան նիւ­թը՝ «Կի­նը Մար­դա­սի­րա­կան Առա­քե­լու­թեան Մէջ»:
Խշ­ուաճ­եան նախ անդ­րա­դար­ձաւ օտար երեք միսի­ո­նար­նե­րու՝ Միս Քա­րէն Եփ­փէի, Մար­իա Ճէյ­քըպ­սը­նի եւ Պո­տիլ Պի­ոռ­նի ծա­ւա­լած մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ամէ­նէն դա­ժան օրե­րուն որ­բա­հա­ւա­քի եւ այ­րի­նե­րու պատս­պար­ման շնոր­հա­կալ աշ­խա­տան­քին։ Ապա, շեշ­տը դրաւ 2015-ին, Մեծ Եղեռ­նի 100-ամ­եա­կին առի­թով, Հայ­րե­նի­քի մէջ հիմ­նադր­ուած Աւ­րո­րա մր­ցա­նա­կին, յե­րախ­տա­գի­տու­թիւն բո­լոր անոնց, որոնք ներդ­րում ու­նե­ցած են մար­դա­սի­րա­կան ոլոր­տէն ներս՝ կեանք մը փր­կե­լով կամ ըն­տա­նիք մը պատս­պա­րե­լով։
Հուսկ, անդ­րա­դառ­նա­լով ՀՕՄ-ի աշ­խար­հաս­փիւռ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու մար­դա­սի­րա­կան բազ­մաբ­նոյթ ծրա­գիր­նե­րուն, ըն­կե­րու­հին եզ­րա­փա­կե­լով ըսաւ. «Ի վեր­ջոյ, մար­դա­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւնը աստ­ուա­ծա­հա­ճոյ առա­քե­լու­թիւն է, որուն ան­սա­կարկ նուի­րուո­ղը, թեւ ու թի­կունք կանգ­նո­ղը, ան­կաս­կա՛ծ, կինն է»։
Այ­նու­հե­տեւ օր­ուան հան­դի­սա­վա­րը խոհր­դան­շա­կան նուէ­րով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց դա­սա­խօ­սին, որ նիւ­թը բծախնդ­րօ­րէն եւ հա­ճե­լի ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց:
Սուր­ճի հիւ­րա­սի­րու­թե­նէն ետք, ձեռ­նար­կը ան­ցաւ երկ­րորդ փու­լին՝ վաս­տա­կա­շատ եր­կու խա­չու­հի­նե­րու «Կան­թեղ» շքան­շա­նով պար­գե­ւատր­ման:
Շրջ. Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի Սի­րան Ամ­պարճ­եան նախ ներ­կա­յա­ցուց Ար­փի Շա­հին­եան-Աւըն­եա­նի կեն­սագ­րա­կա­նը՝ նե­րառ­նե­լով ՍՕ Խա­չի մէջ իր ծա­ռա­յութ­եան ոլորտ­նե­րը եւ ետ­քը «Կան­թեղ» շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րում կա­տա­րեց:
Ար­փի Աւըն­եան յու­զում­նա­խառն ապ­րում­նե­րով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց եւ վեր առ­նե­լով հայ կնոջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը գա­ղու­թէն ներս քա­ջա­լե­րեց նոր սե­րուն­դը շա­րու­նա­կե­լու ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քը:
Ապա Սի­րան Աւըն­եան ներ­կա­յա­ցուց խա­չու­հի Մայ­տա Քէյ­վան­եան-Գլըճ­եա­նի կեն­սագ­րա­կա­նը եւ հրա­ւի­րե­լով զինք պար­գե­ւատ­րեց «Կան­թեղ» շքան­շա­նով:
Մայ­տա Գլըճ­եան սր­տի խօս­քով ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան անդ­րա­դար­ձաւ եւ հա­լէպ­եան յու­շեր վե­րա­կեն­դա­նա­ցուց՝ իր սէրն ու գուր­գու­րան­քը ար­տա­յայ­տե­լով այս գա­ղու­թին նկատ­մամբ:
Ապա տի­կին Հռիփ Կա­նան­եան գնա­հա­տա­կան խօս­քով հան­դէս եկաւ վաս­տա­կա­շատ եր­կու ըն­կե­րու­հի­նե­րուն ընդ առաջ: Ան պար­գե­ւատր­ման սոյն օրը տօն սե­պեց, կա­պե­լով անց­եալն ու ներ­կան, յու­շերն ու ձգ­տում­նե­րը: Կա­նան­եան շեշ­տե­լով եր­կու պար­գե­ւատ­րուուղ­նե­րուն ան­սա­կարկ նուի­րու­մը ի նպաստ միու­թեան յա­ջո­ղու­թեան, պար­զեց թէ անոնք եկած են շե­փո­րե­լու, որ Հա­լէ­պը ան­մո­ռա­նա­լի եւ անմր­ցա­կից է:
Ձեռ­նար­կը փակ­ուե­ցաւ ՍՕ Խա­չի քայ­լեր­գով եւ ներ­կա­նե­րը գո­հու­նակ սր­տով եւ ու­րախ տրա­մադ­րութ­եամբ ար­ձակ­ուե­ցան: