Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական դոկտ. Այման Սուսան լիբանանեան «Ալ Մանար» պատկերասփիւռային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Սուրիա պատրաստակամութիւն կը յայտնէ բոլոր կողմերուն հետ իր յարաբերութիւնը վերահաստատելու, մեկնելով իր սկզբունքներէն, եւ ոչ թէ որեւէ կողմ գոհացնելու նպատակէն։ Սուսան աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիա հաղորդակցութիւն սկսած է վերահաստատել զանազան երկիրներու հետ, շեշտելով, որ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին եւ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.-ի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Ամմանի եւ Նիւ Եորքի մէջ յորդանանցի եւ սուրիացի քաղաքական գործիչներու միջեւ գոյացած զանազան հանդիպումներու արդիւնք էր եւ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ բնականոն յարաբերութեան վերականգնում։ Այս առիթով ան նախատեսեց նախագահ Ասատին եւ Ապտալլա Բ. – ին միջեւ հանդիպում մը։
Անդրադառնալով ռուս եւ իրանցի դաշնակիցներուն, Սուսան ըսաւ. «Ռուսիա եւ Իրան Սուրիոյ դաշնակից պետութիւններ են։ Անոնք կարեւոր դեր ունեցան Սուրիոյ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրած յաղթանակին մէջ։ Հոս կ’ուզեմ շեշտել նաեւ լիբանանեան Դիմադրութեան կարեւոր դերը եւ զօրակցութիւնը սուրիական բանակին»։ Սէուտական Արաբիոյ եւ թրքական կողմերուն մասին խօսելով Սուսան ըսաւ, որ տարածաշրջանի պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը դրական երեւոյթ է։ Ան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիան, ինչպէս Իրանը, տարածաշրջանի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի։ Ապա աւելցնելով ըսաւ. «Սուրիան ոչ մէկ պետութեան հանդէպ թշնամական կեցուածք ունի, ընդհակառակն. կը փափաքի արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւուած տեսնել, որովհետեւ այդ մէկը արաբական բոլոր պետութիւններուն դիրքը կ’ամրապնդէ»։ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին օգնականը եզրափակելով ըսաւ. «Տարածաշրջանի մակարդակով եթէ որեւէ դրական փոփոխութիւն տեղի ունենայ, Սուրիոյ արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ պիտի ըլլայ։ Կարելի է ըսել, որ Սուրիան պատերազմը յաղթանակով եզրափակելու սեմին է»։