ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չութ­եան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Կի­րա­կի 3 Հոկ­տեմ­բեր 2021-ի առա­ւօ­տուն, Հա­լէ­պի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ յետ Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գին հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն կա­տար­ուե­ցաւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան վաս­տա­կա­ւոր ան­դամ հան­գուց­եալ եղբ. Ար­ման­տօ Թոր­գոմ­եա­նի մահ­ուան քա­ռա­սուն­քին, ինչ­պէս նա­եւ օրեր առաջ Քա­նա­տա­յի մէջ մա­հա­ցած ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւ­ղի հա­ւա­տա­ւոր երէց եղ­բայր, «Ար­ժան­եաց» շքան­շա­նա­կիր հան­գուց­եալ եղբ. Ման­ուէլ Հալ­լաճ­եա­նի մահ­ուան տխուր առիթ­նե­րով։
Ներ­կայ էին Պատ­կան Մար­մի­նի ան­դամ­նե­րը եւ Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Վրէժ Եա­գուպ­եա­նը, Կեդր. Վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. Մա­նուկ Քէ­օշ­կէր­եա­նը, Շրջ. Վար­չութ­եան ան­դամ­նե­րը, Շրջ. Սկաուտ Խոր­հուր­դը, Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թիւնը, շքան­շա­նա­կիր ՀՄԸՄ-ական­ներ, խմ­բա­պե­տա­կան եւ աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազ­մե­րու տա­րա­զա­ւոր ՀՄԸՄ-ական­ներ։
Յի­շենք, որ Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թեան թե­լադ­րան­քով Սուր­իոյ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը եւս հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն կա­տա­րե­ցին հան­գուց­եալ եղբ. Ար­ման­տօ Թոր­գոմ­եա­նի մահ­ուան քա­ռա­սուն­քին առի­թով, յար­գե­լով պսա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­վա­րա­կէն նա­խազ­գու­շա­նա­լու կա­նոն­նե­րը։
Հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թե­նէն ետք ներ­կա­նե­րը ուղղ­ուե­ցան դէ­պի Ա. Մա­նուկ­եան Ժ. Տան «Լե­ւոն Շանթ» սրահ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­սուրճ։
ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւ­ղի «Ար­ժան­եաց» շքան­շա­նա­կիր, հան­գուց­եալ եղբ. Ման­ուէլ Հալ­լաճ­եա­նի մահ­ուան տխուր առի­թով, ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թեան անու­նով դամ­բա­նա­կան ըն­թեր­ցեց եղբ. Յո­վիկ Սիւ­լահ­եան։ Ան լու­սար­ձա­կի տակ առաւ բո­լո­րին սի­րե­լի, հո­գե­հա­րա­զատ եղբ. Ման­ուէլ Հալ­լաճ­եա­նի նկա­րագ­րա­յին գի­ծե­րը, ՀՄԸՄ-էն եւ ազ­գա­յին կեան­քէն ներս իր տա­րած ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թիւնը, նշե­լով, որ «Եղբ. Ման­ուէլ ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւ­ղին ան­դա­մագ­րու­թեան օրէն մին­չեւ Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չութ­եան ան­դամ, ապա Կեդր. Վար­չութ­եան ան­դամ նշա­նակ­ուի­լը տէր ու պաշտ­պան եղած է Միու­թեան ան­շե­ղե­լի սկզ­բունք­նե­րուն եւ ազ­գա­յին բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն։ Ան մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած է Արամ Մա­նուկ­եան Ժ. Տան հո­ղա­շեր­տի եւ ՀՄԸՄ-ի Քե­սա­պի բա­նա­կա­վայ­րի կալ­ուա­ծի ապա­հով­ման մէջ։ 1988-ին ան ար­ժա­նա­ցած է Միու­թեան «Ծա­ռա­յու­թեան» շքան­շա­նին։ 2007-ին, ՀՄԸՄ-ի 9-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին, ան ար­ժա­նա­ցած է Միու­թեան «Ար­ժան­եաց» պատ­ուան­շա­նին»։
ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. Մա­նուկ Քէ­օշ­կէր­եան Կեդր. Վար­չու­թեան անու­նով դամ­բա­նա­կան ար­տա­սա­նեց Կեդր. Վար­չու­թեան վաս­տա­կա­ւոր ան­դամ հան­գուց­եալ եղբ. Ար­ման­տօ Թոր­գոմ­եա­նի մահ­ուան քա­ռա­սուն­քին առի­թով։ «Յար­գար­ժան սգա­կիր­ներ, հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը կ’ան­մա­հաց­նեն այն­պի­սի մար­դիկ, որոնք իրենց զո­հո­ղու­թեամբ, ծա­ռա­յա­սի­րու­թեամբ, ազ­նիւ ոգի­ով ու բա­րի գոր­ծե­րով ան­կա­րե­լին կա­րե­լի կը դարձ­նեն, տու­եալ հա­ւա­քա­կա­նութ­եան վե­րել­քին ու զար­գաց­ման հա­մար։ ՀՄԸՄ-ի մեծ ըն­տա­նի­քը իբրեւ մար­զա­կան ու սկաու­տա­կան մար­դա­կերտ­ման հա­մազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, վս­տա­հա­բար պի­տի ան­մա­հաց­նէ 40 տար­ուայ անձ­նու­րաց ծա­ռա­յող եղբ. Ար­ման­տօ Թոք­ման­եա­նի յի­շա­տա­կը։
ՀՄԸՄ-ական եղբ. Ար­ման­տօն 40 օրեր առաջ հրա­ժեշտ տուաւ այս աշ­խար­հին, շատ սի­րած ու պաշ­տած միու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պութ­եան, ան աւե­լի քան 40 տա­րի­ներ ապ­րած եւ գոր­ծած է ՀՄԸՄ-ի դրօ­շին ներ­քոյ ու նպաս­տած է Միութ­եան յա­ռաջ­դի­մու­թեան ու հզօ­րաց­ման։
Փոքր տա­րի­քէն ան­դա­մակ­ցա­ծ է ՀՄԸՄ-ի շար­քե­րուն, որ­պէս գայ­լիկ, սկաուտ եւ մար­զիկ, հա­սած է մին­չեւ վար­չու­թիւն, շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ատե­նա­պետ, 2015-ին ընտր­ուած է կեդ­րո­նա­կան վար­չութ­եան ան­դամ, իսկ 2019-ին կր­կին վե­րընտր­ուած է կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան մին­չեւ իր մա­հը։
Եղած է հա­ւա­տա­ւոր դաշ­նակ­ցա­կան ու ան­կեղծ զի­նուոր, վա­րած է շատ մը պաշ­տօ­ներ։ Եղբ. Ար­ման­տօն պար­տա­կա­նու­թեան գի­տա­կից նուիր­եալ միու­թե­նա­կան էր, հա­ւա­տա­ւոր, չընկր­կող եւ պատ­նէ­շի վրայ մնա­ցող ղե­կա­վար»։
Եղբ. Մա­նու­կը, հան­գուց­եալ եղբ. Ման­ուէլ Հալ­լաճ­եա­նի մա- հ­ուան տխուր առի­թով, Կեդր. Վար­չու­թեան խո­րազ­գած ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց Սուր­իոյ շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, Սուր­իոյ շր­ջա­նի ՀՄԸՄ-ի մեծ ըն­քա­նի­քին եւ հան­գուց­եալ եղ­բօր հա­րա­զատ­նե­րուն։
Աւար­տին, իր սր­տի խօս­քը ներ­կա­նե­րուն ուղ­ղեց ՀՄԸՄ-ի հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժ. Տ. Մաշ­տոց Ա. Քհնյ. Արա­պաթլ­եան։
Ան յայտ­նեց, թէ ՀՄԸՄ-ը այն միու­թիւնն է, որուն ան­դամ­նե­րը քոյր եւ եղ­բայր կոչ­ուե­լով փոքր տա­րի­քէն կ’ան­դա­մակ­ցին Միու­թեան եւ հա­սակ առ­նե­լով Միու­թեան շար­քե­րէն ներս՝ վա­ւե­րա­կան ու­սու­ցի­չի նման խօս­քը գոր­ծի կը վե­րա­ծեն եւ իրենց կեան­քով օրի­նակ կը հան­դի­սա­նան նոր սե­րունդ­նե­րուն։ Ան նշեց, թէ այս­պի­սի անձ­նա­ւո­րու­թեան տէր էին հան­գուց­եալ եղ­բայր­նե­րը, որոնք մին­չեւ իրենց կեան­քին վեր­ջին շուն­չը միու­թեան աւան­դը փո­խան­ցե­ցին նոր սե­րունդ­նե­րուն։
Քա­հա­նայ հայ­րը աղօթք բարձ­րա­ցուց առ Աստ­ուած հան­գուց­եալ եղ­բայր­նե­րու հո­գի­նե­րուն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։