Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Իրան-Սուրիա յարաբերութիւնները մէկէ աւելի փորձաքարերէ անցան: Տարածաշրջանի մէջ արեւմտեան միջամտութիւններն ու թրքական ազդեցութիւնը կը միտէին Սուրիա-Իրան յարաբերութիւններուն մէջ սեպ խրել, Իրանի ազդեցութիւնն ու բարիդրացիական յարաբերութիւնները տկարացնել, փոխարէնը թրքական ծաւալապաշտ քաղաքականութեան ենթահող պատրաստել եւ Սուրիոյ տարածքին թրքական տնտեսաքաղաքական լծակները բազմապատկել՝ այսպիսով դէպի սուրիական տարածքներ դուռ բանալով նաեւ արեւմուտքին եւ Իսրայէլին դիմաց:
Բնականաբար այս ծրագրին մէջ իր ազդեցութիւնը ունէր նաեւ Իսրայէլը, որ կը միտէր ամէն ջանք ի գործ դնել տկարացնելու Իրանը, Միջերկրականին մէջ ռազմական հակաիրանեան ուժեր կուտակելով եւ Իրան-Սուրիա-Լիբանան առանցքը անգործութեան մատնելու տարողունակ փորձերով:
Նման դաւադրութեան իրականացման պարագային Սուրիոյ տագնապին լուծումը ոչ միայն պիտի երկարաձգուէր, այլեւ երկիրը պիտի մասնատուէր ու վերածուէր թրքական եւ իսրայէլեան ախորժակներու դիմաց անպաշտպան տարածքի, ինչ որ իր աւերիչ ազդեցութիւնը պիտի ունենար ողջ տարածաշրջանին վրայ:
Սուրիան պայքարեցաւ այս ծրագրին դէմ ե՛ւ իր շահերը պաշտպանելով, ե՛ւ Իրանի հետ իր յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներու վրայ ամուր պահելով:
Այսօր նման վիճակ կը տիրէ Հայաստանի սահմանին: Իրան-Հայաստան յարաբերութիւնները պատմական հիմք ունին: Երկու երկիրներուն փոխկապակցուած անվտանգութիւնը ամուր պահելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուին Իրանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները:
Այս կացութեան մէջ ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Ատրպէյճանի խոստումներուն տուն տալու պատճառ ունի Հայաստանը: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը մէկէ աւելի անգամներ փաստեցին, որ առիթ չեն խնայեր Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ իրենց ախորժակներուն յագուրդ տալու, կամ նուազագոյնը Հայաստանը տնտեսապէս իրենցմէ կախեալ պահելով մշտական ազդեցութիւն բանեցնելու անոր վրայ եւ համապատասխան զիջումներ խլելու ամէն պատեհ առիթի:
Հայաստան – Իրան յարաբերութիւններու ամրագրումն ու փոխադարձ շահերու պաշտպանութիւնը կը ծառայեն երկու երկիրներուն հաւասարապէ՛ս:
Արցախի մեծ մասին կորուստով անգամ մը եւս շեշտուեցաւ, որ Արցախի անկախ գոյութիւնը տարածաշրջանի հարցերու սրումը կանխող ազդակ էր ու պէտք էր ամէն գնով պաշտպանել այդ անկախութիւնը ո՛չ միայն յանուն Հայաստանի, այլեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան համար:
Այսօր այդ անվտանգութիւնը խարխլած է: Հայաստանն ու Իրանը կոչուած են այլընտրանքային լուծումներով կորուստներու տարողութիւնը նուազագոյնի հասցնելու ու սանձելու ատրպէյճանաթրքական ծաւալապաշտական նկրտումները: