Հին աշ­խար­հի այ­բու­բեն­նե­րէն մի­ա­կը, որուն ծնն­դա­բա­նու­թիւնը գրա­ւոր  վկայ­ուած է ժա­մա­նա­կա­կի­ցի մը կող­մէ,- հա­յե­րէ՛նն է, մնաց­եալ­նե­րու­նը՝ փիւ­նի­կե­րէ­նի, եբ­րա­յե­րէ­նի, արա­մե­րէ­նի, յու­նա­րէ­նի, լա­տի­նե­րէ­նի, ղպ­տե­րէ­նի ու ասո­րե­րէ­նի…կը մնան այս­պէս կամ այն­պէս ան­ծա­նօթ:
Այս  բա­ցա­ռու­թիւնը կը պար­տինք Մես­րո­պի աշա­կերտ­նե­րէն Կո­րիւ­նին:
Ար­դա­րեւ, Մես­րո­պի մա­հէն  (440)  ետք անոր աշա­կերտ­նե­րը՝ Յով­սէփ կա­թո­ղի­կո­սա­կան տե­ղա­պա­հի գլ­խա­ւո­րու­թեամբ, խնդ­րե­ցին Կո­րիւ­նէն, որ շա­րադ­րէ Ու­սուց­չա­պե­տի կեանքն ու գոր­ծը յա­ւեր­ժաց­նող կո­թող  մը: Ճիշդ չենք գի­տեր, թէ ին­չո՛ւ  անոնք կեդ­րո­նա­ցան  Կո­րիւ­նին վրայ.  են­թադ­րե­լի է, որ ան մօտ էր Մես­րո­պին ու լաւ կը ճանչ­նար անոր գոր­ծը:
Եր­կար տա­տամ­սե­լէ ետք,- թէ ինք ար­ժա­նի չէ նման պատիւի մը,- Կո­րիւն յանձն կ’առ­նէ այդ պար­տա­կա­նու­թիւնը, եւ ար­դիւն­քը կ’ըլ­լայ հա­մեստ գր­քոյկ մը, մօ­տա­ւո­րա­պէս 50 էջա­նի, որ հա­յե­րէն գր­ուած առա­ջին ինք­նա­գիր՝ հե­ղի­նա­կա­յին երկն է եւ ծա­նօթ է «Վարք Մաշ­տո­ցի» անու­նով:
Այս հա­տո­րին մէջ բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­կան է բուն իսկ գի­րե­րու գիւ­տին նուիր­ուած հատ­ուա­ծը, ուր կը պատմ­ուին անոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը1:
* * *
400-ական թուա­կան­նե­րու սկիզ­բը ինչ-որ ըմ­բոս­տու­թիւն մը տե­ղի կ’ու­նե­նայ Մի­ջա­գետ­քի մէջ, որ պարս­կա­կան տի­րոյթ էր: Պար­սից ար­քան կը  խնդ­րէ իր դաշ­նա­կի­ցէն՝ մեր Վռամ­շա­պուհ թա­գա­ւո­րէն, եր­թալ ու խա­ղա­ղեց­նել այդ շար­ժու­մը: Ինչ-որ կը կա­տա­րէ Հա­յոց ար­քան ու վե­րա­դար­ձին Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ  Աղձ­նիք գա­ւա­ռի մէջ  զինք կը դի­մա­ւո­րէ ասո­րի քա­հա­նայ մը՝ Աբէլ անու­նով, որ իրեն  կը յայտ­նէ, թէ  ու­նի Դանի­էլ  անու­նով  եպիս­կո­պոս ազ­գա­կան մը, որ պա­տա­հա­բար գտած է Հա­յոց գի­րե­րը:
Վռամ­շա­պուհ, յոգ­նու­թեան ու աճա­պա­րան­քի հե­տե­ւան­քով, չի կր­նար պէտք եղած ու­շադ­րու­թիւնը նուի­րել այս ան­սո­վոր յայտ­նու­թեան եւ առանց որե­ւէ հա­կազ­դե­ցու­թեան կը դառ­նայ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Վա­ղար­շա­պատ:
Հա­զիւ այս­տեղ հաս­տատ­ուած՝ ան կը նկա­տէ, որ մեծ ան­ցու­դար­ձեր տե­ղի կ’ու­նե­նան նոյ­նինքն Վա­ղար­շա­պա­տի, հիմա՝ Էջմ­ի­ած­նի մէջ: Հա­յաս­տա­նի բո­լոր բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը հա­ւաք­ուած են այն­տեղ եւ «աշ­խար­հա­հոգ խոր­հուրդ»2 կ’անց­կաց­նեն: Եւ ահա Սա­հակ  կա­թո­ղի­կոսն ու Մես­րոպ Մաշ­տո­ցը կու գան զե­կու­ցե­լու ար­քա­յին, թէ իրենք լծ­ուած են  հա­յոց այ­բու­բեն մը հնա­րե­լու գոր­ծին:
Այս առ­թիւ ալ Վռամ­շա­պուհ  կը յայտ­նէ  Դանի­է­լի ու­նե­ցած գի­րե­րուն մա­սին:
Այս լսե­լով՝ Սա­հակ եւ Մես­րոպ կը խնդ­րեն թա­գա­ւ­ո­րէն, որ սուր­հան­դակ մը ղր­կէ Աբէ­լին ու բե­րել տայ այդ այ­բու­բե­նը: Եւ իրօք ալ Վռամ­շա­պուհ իր գրա­սէր նա­խա­րարներէն մէ­կը՝ Վահ­րիճ անու­նով, յա­տուկ  հրո­վար­տա­կով մը  կը ղր­կէ Դանի­է­լի այ­բու­բե­նը բե­րե­լու:
Վահ­րիճ կու գայ-կը գտ­նէ Աբէ­լը,  մի­ա­սին կ’եր­թան Դանի­է­լին քով,և որ յար­գա­լիր կ’ըն­դու­նի հայ պատ­ուի­րա­կը,և իրա­զեկ կը դառ­նայ անոր ու­նե­ցած այ­բու­բե­նի այ­լա­զան հան­գա­մանք­նե­րուն ու կը բե­րէ զայն Վռամ­շա­պու­հին:
Այս այ­բու­բե­նը սեր­տե­լով՝ Սա­հակ եւ Մես­րոպ կ’անդ­րա­դառ­նան, թէ ան հա­յե­րէ­նի հետ կապ չու­նի, կա­րե­լի չէ անով հա­յե­րէն գրել, այլ խօս­քով՝ թե­րի  ու խորթ այ­բու­բեն մըն էր  ան՝  յա­րա­բե­րա­բար հա­յե­րէ­նին:
Կո­րիւն չ’ըսեր, թէ ին­չի՛ մէջ կը կա­յա­նար այդ  այ­բու­բե­նի թե­րու­թիւնը:
* * *
Ճա­րա­հատ՝ Մես­րոպ ինք, խումբ մը աշա­կերտ­նե­րու գլու­խը ան­ցած, կ’եր­թայ  ան­ձամբ կը գտ­նէ Դանի­էլ եպիս­կո­պո­սը, եր­կար կը խորհր­դակ­ցի անոր հետ, մաս­նա­ւո­րա­բար կ’ու­զէ գիտ­նալ, թէ ին­չո՞ւ Դանի­էլ իր ու­նե­ցած գի­րե­րը «հայ­կա­կան» կը կար­ծէր կամ թէ ճիշդ ի՛նչ գի­տէր հայ­կա­կան հա­ւա­նա­կան գի­րե­րու մա­սին:
Դանի­էլ գո­հա­ցու­ցիչ պա­տաս­խան­ներ չի կր­նար տալ Մես­րո­պի եւ կը յղէ զայն ասո­րա­կան Եդես­իա մայ­րա­քա­ղա­քը, ուր կա­յին ան­ուա­նի գի­տուն­ներ եւ գո­յու­թիւն ու­նէր պատ­կա­ռե­լի մա­տե­նա­դա­րան մը, մա­նա­ւանդ հմուտ մա­տե­նա­դա­րա­նա­պետ մը՝ Պղա­տոն անու­նով, որ թե­րեւս  լու­սա­բա­նէր Մես­րո­պը:
Մես­րո­պի փնտ­ռա­ծը հա­ւա­նա­կան  հա­յե­րէն այ­բու­բեն մըն էր՝ իր հա­մո­զու­մով՝ կորս­ուած ու տեղ մը թաղ­ուած, եւ ինք անոր է որ կը հե­տամ­տէր: Ահա այս մտ­քով ալ ան կը հաս­նի Եդես­իա: Կ’այ­ցե­լէ անոր մա­տե­նա­դա­րա­նը, ուր սա­կայն չի գտ­ներ Պղա­տո­նը, որ  իր­մէ քիչ առաջ ձգած-հե­ռա­ցած էր Եդես­իա­յէն՝ հե­տը տա­նե­լով ինչ -որ գրա­ւոր աղ­բիւր­ներ, որոնց բնոյ­թին ան­ծա­նօթ է  Կո­րիւն:
Մես­րոպ տակ­նուվ­րայ կ’ընէ Եդես­իոյ մա­տե­նա­դա­րա­նը, սա­կայն ոչինչ կը գտ­նէ:
Ապա  եր­կար կը շր­ջի իր ժա­մա­նա­կի բո­որ կեդ­րոն­նե­րը՝ քիչ ան­դին Սա­մո­սա­տի յու­նա­կան մա­տե­նա­դա­րա­նը, աւե­լի ան­դին՝ Փիւ­նի­կէի մա­տե­նա­դա­րա­նը, կը հան­դի­պի մին­չեւ Պա­ղես­տին­եան Կե­սար­իոյ հռ­չա­կա­ւոր մա­տե­նա­դա­րա­նը, բնաւ ան­հա­ւա­նա­կան չէ, որ ան ան­ցած ըլ­լայ քայլ մը ան­դին՝ Աղեք­սանդր­իոյ մա­տե­նա­դա­րա­նը եւս. սա­կայն այս բո­լոր դե­գե­րումներն ու փնտռ­տուք­նե­րը ի դե­րեւ կ’ել­լեն, եւ Մես­րոպ հայ­կա­կան ինչ-որ հին, կորս­ուած այ­բու­բե­նի ոչ մէկ հետ­քի կը հան­դի­պի:
* * *
Յայն­ժամ Մես­րոպ, բո­լո­րո­վին յու­սա­հատ՝  ինչ-որ հա­յե­րէն կորս­ուած գի­րեր գտ­նե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թե­նէն,   կ’ապա­ւի­նի իր սե­փա­կան ու­ժե­րուն եւ ի՛նք կ’որո­շէ նոր այ­բու­բե­նին ճա­կա­տա­գի­րը՝ բնօ­րի­նակ  եւ ու­ղե­ցոյց ու­նե­նա­լով,- ամե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ,-  Եթով­պա­կան Գէ­եզ կոչ­ուած այ­բու­բե­նը, որ գե­ղեց­կա­գոյնն ու ճո­խա­գոյնն էր իր  ժա­մա­նա­կին3, եւ յա­ջո­ղա­պէս կը ձե­ւա­ւո­րէ մեր 36 տա­ռե­րը՝ ըսենք մօ­տա­ւո­րա­պէս 405-406 թուա­կա­նին4:
Այս մեծ յա­ջո­ղու­թեան հա­մար ան ջերմ շնոր­հա­ւո­րանք­ներ կը ստա­նայ ասո­րի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէն, որոնք անոր կե­ցու­թեան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան մե­ծա­գոյն գուր­գու­րան­քը եւ օժան­դա­կու­թիւնը ցու­ցա­բե­րած էին իրեն:
Այ­նու­հե­տեւ Մես­րոպ կը հա­ւա­քէ իր աշա­կերտ­նե­րը, որոնք ցր­ուած էին զա­նա­զան դպ­րոց­նե­րու մէջ, ու ճամ­բայ կ’ել­լէ դէ­պի Հա­յաս­տան՝ դէ­պի Վա­ղար­շա­պատ, որ այն օրե­րուն տաս-տաս­ներ­կու օր­ուան ճամ­բայ էր:
Բա­րի լու­րը իր­մէ առաջ տեղ կը հաս­նի, եւ ահա Վռամ­շա­պուհ, նա­խա­րար­ներն ու աւա­գա­նին՝ մի­ա­սին առած  բարձր հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թիւնն ու զօ­րա­կան­նե­րը, կ’ուղղ­ուին դէ­պի Արաքս, Տա­բե­րա­կան կոչ­ուած կա­մուր­ջը, ուր կը ժա­մա­նէ Մես­րոպ եւս՝ գլ­խէն վեր յաղ­թա­կան  բռ­նած Հա­յոց այ­բու­բե­նի տախ­տա­կը, որ կը շող­շո­ղար արե­գա­կի ճա­ռա­գայթ­նե­րուն տակ եւ Արա­րա­տի փէ­շե­րուն:
Ող­ջա­գու­րու­մը տե­ղի կ’ու­նե­նայ  հո­գե­պա­րար  շա­րա­կան­նե­րու,  եր­գե­րու եւ նուա­գա­րան­նե­րու  ու­րախ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:
Կո­րիւն, որ հա­ւա­նա­բար ներ­կայ էր այս հան­դի­պու­մին, կը գրէ. «Մով­սէ­սի էջ­քը Սի­նա­յի լե­ռէն, ուր ան հան­դի­պած էր Աս­տու­ծոյ եւ ան­կէ ստա­ցած Տաս­նա­բան­եայ պատ­ուի­րան­նե­րը, որ հե­տը կը բե­րէր իր ժո­ղո­վուր­դին, այն­քան  խն­դա­լից ու ցն­ծա­գին չդի­մա­ւոր­ուե­ցաւ, որ­քան Մես­րո­պի մուտ­քը Հա­յաս­տան՝ Հա­յոց տա­ռե­րու տախ­տա­կը ի ձե­ռին,  եւ հան­դի­պու­մը իւ­րա­յին­նե­րուն հետ»:
Ծա­նօթ.- Կո­րիւն, հա­կա­ռակ ջեր­մե­ռանդ հա­ւա­տաց­եալ  ըլ­լա­լուն, չէր վա­րա­ներ այս­պի­սի ծան­րակ­շիռ բաղ­դա­տու­թիւն մը ընե­լու, քա­նի որ երբ Մով­սէս Սի­նա­յի լե­ռէն՝ Աս­տու­ծոյ հետ հան­դի­պու­մէ ետք,  վե­րա­դար­ձաւ  իր ժո­ղո­վուր­դին, ան տե­սաւ, որ հր­եա­նե­րը, խե­լա­կո­րոյս ամ­բո­խի վե­րած­ուած,  ոսկիէ հորթ մը կա­ռու­ցած էին եւ նուիր­ուած էին անոր պիղծ պաշ­տա­մուն­քին: Որուն ի տես՝ Մով­սէս, մե­ծա­պէս յու­սա­խաբ, ծուն­կե­րուն զար­կաւ աստ­ուա­ծա­յին պատ­ուի­րան­նե­րը կրող կա­ւէ սուրբ տախ­տա­կը ու փշ­րեց զայն:
Ստո­րեւ՝ չորս նկար:
1.Այ­բու­բե­նա­կան այս ցան­կը ծա­նօթ է «Տե­կոր»ի անու­նով:
Տե­կո­րը հայ­կա­կան գիւղ մըն է, որ կը գտն­ուի Կարս քա­ղա­քէն  20  քմ  դէ­պի հա­րաւ, Արաք­սի աջ ափին: 480 թուա­կա­նին այս­տեղ կը կա­ռուց­ուի հո­յա­կապ տա­ճար մը, որ կան­գուն էր մին­չեւ 1913-ի երկ­րա­շար­ժը: Այս տա­ճա­րի գլ­խա­ւոր մուտ­քի բա­րա­ւո­րին վրայ կը գտն­ուէր ար­ձա­նագ­րու­թիւն մը, որ կը հան­դի­սա­նայ հա­յե­րէն վի­մա­գիր հնա­գոյն վկա­յու­թիւնը: Մեր այս ցան­կը կազմ­ուած  է այդ ար­ձա­նագ­րութեան հի­մամբ՝ ու­ղիղ նկա­րա­հա­նու­մով: Նկա­տել, որ  հիմ­նա­կա­նին մէջ մես­րոպ­եան տա­ռե­րը գրե­թէ ան­փո­փոխ գո­յա­տե­ւած են  աւե­լի քան 1500  տա­րի՝ քա­նի մը անն­շան փո­փո­խու­թիւն­նե­րով:
Ծա­նօթ.- Իսկ ձե­ռա­գիր հնա­գոյն վկա­յու­թիւնը կը հան­դի­սա­նայ 887-ի Լա­զար­եան աւե­տա­րա­նը:
2. Տե­կո­րի Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն տա­ճա­րը՝ կա­ռուց­ուած Յովհ.  Ա. Ման­դա­կու­նի կա­թո­ղի­կո­սի օրով (Ե. դա­րու վեր­ջին քա­ռոր­դին):
3.Այս նշա­նագ­րա­յին նմուշ­նե­րը առն­ուած են եգիպ­տա­կան մե­հե­նագ­րե­րու եր­րորդ եւ վեր­ջին սե­րուն­դի տար­բե­րա­կէն, որ գրա­բա­նու­թեան մէջ ծա­նօթ է  Demotika անու­նով, այ­սինքն՝ ռամ­կա­գիր, ժո­ղովր­դա­գիր,  եւ կի­րարկ­ուած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 8-րդ դա­րէն  (Քա.) մին­չեւ 5-րդ դա­րի կէ­սը (Քե.):
Այս 12 նշա­նագ­րե­րուն բո­լորն ալ կը գտ­նենք  մես­րոպ­եան այ­բու­բե­նին մէջ:
4.Եթով­պա­կան Գէ­եզ այ­բու­բե­նը՝  ձե­ւա­ւոր­ուած 320-ական­նե­րուն (Քե.):
Իւ­րա­քան­չիւր  հո­րի­զո­նա­կա­նի սկիզ­բը կը գտ­նենք բա­ղա­ձայն մը. առա­ջի­նը Հ է, մնաց­եալ­նե­րը՝ փոք­րիկ ձե­ւա­փո­խում­նե­րով,  այս բա­ղա­ձայ­նին ու զա­նա­զան ձայ­նա­ւոր­նե­րու գու­մարն են: Ըստ այսմ՝  Գէ­ե­զը ու­նէր  26×7=182 բա­ղա­ձայն եւ երկհն­չիւն՝ Հ, Հա, Հու, Հի, Հե, Հը, Հո… եւ այլն:
Այս այ­բու­բե­նը կը նշէր կարգ մը հն­չիւն­ներ, օրի­նակ՝ ծ, խ, ձ, որ իր ժա­մա­նա­կին միայն հա­յե­րէնն ու եթով­պե­րէ­նը ու­նէ­ին:
Մես­րոպ  այս այ­բու­բե­նին հան­դի­պած է հա­ւա­նա­բար Եդես­իոյ մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ, որ շատ սերտ կա­պեր ու­նէր Եթովպ­իոյ հետ: Շատ  հաւ­նած է զայն, եւ անոր ոճով ալ հնա­րած է իր այ­բու­բե­նը, որուն տա­ռե­րէն ոմանք ու­նին նոյն ձեւն ու նոյն հն­չու­մը ( Ա, Խ, Ծ, Կ, Հ, Ղ, Ն, Ր, Բ…) , ու­րիշ­ներ՝ միայն ձե­ւը (Դ, Մ, Պ, Ո, Ռ, Փ, Ե, Է, Ջ, Ս, Ւ, Ք…):
Յե­տագ­րու­թիւն
Անոնց, որոնք կ’ու­զեն աւե­լի խոր  սեր­տել այս բո­լո­րը, կը թե­լադ­րեմ իմ մէկ աշ­խա­տու­թիւնս՝ «Մես­րոպ­եան տա­ռե­րու ակունք­նե­րը», 2005, հրա­տա­րա­կու­թիւն  «Գա­լուստ Կիւլ­պենկ­եան  մա­տե­նա­շար»ի, Ան­թիլ­ի­ա­սի տպա­րան, 265 էջ:
Արմենակ Եղիայեան
1-Մես­րո­պի գիւ­տին նոյն դա­րուն անդ­րա­դար­ձած են նա­եւ Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի եւ Ղա­զար Փար­պե­ցի:
Խո­րե­նա­ցի ժա­մա­նա­կա­կից էր Մես­րո­պին եւ անոր աշա­կեր­տը, իսկ Փար­պե­ցի իր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը քա­ղած է Աղան Արծ­րունի­էն, որ Մես­րո­պի աշա­կերտն էր եւ Փար­պեցիի ու­սու­ցի­չը:
Հե­տա­գայ դա­րե­րուն մեր գրե­թէ բո­լոր մա­տե­նա­գիր­նե­րը իւ­րո­վի անդ­րա­դար­ձած են գի­րե­րու գիւ­տին:
2-Կո­րիւ­նի կի­րար­կած եզրն է այս, կը նշա­նա­կէ հա­մա­ժո­ղով, հա­մա­գու­մար:
3-Են­թադ­րե­լի է, որ Մես­րոպ քա­նի մը տա­ռե­րու առ­թիւ օգտ­ուած է նա­եւ եգիպ­տա­կան մե­հե­նագ­րե­րու demotika՝ ժո­ղովր­դա­կան,  բո­լո­րա­ձեւ  տար­բե­րա­կէն:
4-Կո­րիւն կը շեշ­տէ Մես­րո­պի կրած  մեծ նե­ղու­թիւն­նե­րը՝ «աղօթք­նե­րը, տք­նու­թիւն­նե­րը, ար­տաս­ուա­լից պա­ղա­տանք­նե­րը»՝ ուղղ­ուած Աստու­ծոյ, որ ի վեր­ջոյ կը պար­գե­ւէ անոր այդ բախ­տը՝  տա­ռե­րու վերջ­նա­կան գիւ­տը, եւ Մես­րոպ «իր սուրբ աջով հայ­րա­բար ծնունդ կու տայ հա­յե­րէ­նի նոր եւ սքան­չե­լի նշա­նագ­րե­րուն»: