Վեր­ջին օրե­րուն, Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին սահ­մա­նին մեր­ձա­կայ­քը տե­ղի կ’ու­նե­նան վտան­գա­ւոր զար­գա­ցում­ներ, որոնց նկատ­մամբ զգայ­նու­թիւն յա­ռա­ջա­ցած է նա՛եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, սա­կայն յայտ­նա­պէս այդ բո­լո­րը չեն ըն­կալ­ուիր պա­հանջ­ուած լր­ջու­թեամբ, շր­ջա­հայ­եա­ցու­թեամբ եւ… յար­մար ձե­ւով հա­կազ­դե­լու տրա­մա­բա­նու­թեամբ: Կէս-պա­տաս­խան­ներ կը հաս­նին այն հար­ցու­մին դի­մաց, թէ արդ­եօք այդ շր­ջա­նին մէջ լար­ուա­ծու­թեան բարձ­րա­ցու­մը պէ՞տք է մտա­հո­գէ մեզ:
Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Իրա­նի կազմ­ա­կեր­պած ռազ­մա­փոր­ձե­րուն եւ անոնց­մէ բխած «պատ­գամ­նե­րուն»: Կարճ խօս­քով, Իրան մօ­տա­ւո­րա­պէս շա­բաթ մը առաջ ռազ­մա­փոր­ձեր կա­տա­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի հետ սահ­մա­նին մօտ, Կաս­պից ծո­վուն մեր­ձա­կայ գօտի­ին մէջ (թա­լիշ­նե­րու շր­ջա­նին մօտ), իսկ հի­մա ռազ­մա­փոր­ձե­րուն դաշ­տը տա­րած­ուած է Նա­խի­ջե­ւա­նի սահ­մա­նա­մերձ գօտի­ին մէջ (որ նա­եւ մերձ է Թուրք­իոյ): Զու­գա­հե­ռա­բար, սաստ­կա­ցում կրած է Թեհ­րան-Պա­քու հա­կա­ճա­ռու­թիւնը: Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը դժ­գոհ է, որ նման ռազ­մա­փոր­ձեր տե­ղի կ’ու­նե­նան այս հանգր­ուա­նին (ան խոր­քին մէջ ի մտի ու­նի այն փու­լը, որ կ’ընդգր­կէ Հա­յաս­տա­նի դէմ Թուրք­իոյ մաս­նակ­ցու­թեամբ իր վա­րած պա­տե­րազ­մը, Հա­յաս­տա­նի հա­յա­ւա­յին գօտի­ին մէջ ազեր­ի­ա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը, «մի­ջանցք»ին հե­տապն­դու­մը եւ Սիւ­նի­քի ճամ­բա­նե­րուն վրայ իրան­եան բեռ­նա­տար­նե­րու դէմ ծա­նօթ բռ­նա­մի­ջոց­նե­րը): Իրան հա­կա­դար­ձեց, ըսե­լով, որ ռազ­մա­փորձ ընե­լը եւ անոր վայ­րը ինք կ’որո­շէ եւ ոե­ւէ մէ­կէն թե­լադ­րանք չի սպա­սեր, նա­եւ ակ­նար­կեց այն իրո­ղու­թեան, որ տա­րի մը առաջ «շր­ջա­նի մէջ ու­ժին կող­մէ» (յս­տակ ակ­նար­կու­թիւն՝ Թուրք­իոյ) Ար­ցախ բեր­ուած ահա­բե­կիչ­նե­րը տա­կա­ւին կը մնան այդ գօտի­ին մէջ, Իրան չի կր­նար հան­դուր­ժել, որ իս­րա­յէլ­եան ազ­դե­ցու­թիւնը յա­ւել­եալ սպառ­նա­լի­քի վե­րած­ուի Իրա­նի դէմ (այլ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով չծան­րա­բեռ­նենք այս սիւ­նա­կը):
Հա­յաս­տա­նի մէջ, իշ­խա­նութ­եան մօ­տիկ աղ­բիւր­ներ այս իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­գանգ կ’ըլ­լան այն­պի­սի ոճով, որ ընդ­հան­րա­պէս կ’օգ­տա­գործ­ուի հե­ռա­ւոր շր­ջան­նե­րու մէջ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մասին խօ­սե­լու պա­հուն: Մի­ակ տե­սա­նե­լի երե­սը այն է, որ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ վեր­ջին օրե­րուն աւե­լի յա­ճա­խա­կի կեր­պով տե­սակ­ցու­թիւն­ներ կ’ու­նե­նան Իրա­նի դես­պա­նին հետ (նման պայ­ման­նե­րու մէջ խորհր­դա­պա­հու­թիւնը ու­նի յար­գե­լի ըլ­լա­լու պատ­ճառ, եթէ…): Ընդ­դի­մա­դիր աղ­բիւր­ներ ու անա­ջառ մեկ­նա­բան­ներ աւե­լի զգա­յուն են ու կ’ար­ձա­գան­գեն, ի մի­ջի այ­լոց, իրան­եան մա­մու­լէն ար­ձակ­ուած այն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն (եւ գի­տենք, որ իրան­եան մա­մու­լը այս կամ այն հա­մե­մա­տու­թեամբ թարգ­մանն է պե­տա­կան մտա­ծո­ղութ­եան), թէ Հա­յաս­տան կը թուի մի­ա­ցած ըլ­լալ Իրա­նի դէմ կազ­մա­ւո­րուող Ատր­պէյ­ճան-Թուրք­իա-Իս­րա­յէլ-Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ ճա­կա­տին (իրան­ցիք վա­ղուց «չեն կլ­լեր» այն քա­րոզ­չու­թիւն­նե­րը, որոնք բա­նա­ւոր կեր­պով կամ որոշ արարք­նե­րով իրա­րու դէմ կը հա­նեն Թուրք­ի­ան ու Իս­րա­յէ­լը, երբ Ան­գա­րա կը փոր­ձէ պաշտ­պան կանգ­նիլ պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն եւ անոնց ճամ­բով տպա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծել արա­բա­կան աշ­խար­հին մէջ):
***
Այս զար­գա­ցում­նե­րը նոր բարձ­րա­կէ­տի մը կը տա­նին այն ճն­շում­նե­րը, որոնք տաս­նամ­եակ­նե­րէ ի վեր ի գործ կը դր­ուին Իրա­նի վրայ, Արեւ­մուտ­քին եւ մի­ջին արե­ւել­եան անոր գոր­ծա­կից-դաշ­նա­կից­նե­րուն՝ Իս­րա­յէ­լի եւ Թուրք­իոյ մի­ջո­ցով: Այս ճն­շու­մին հա­մար գոր­ծած­ուած են «կրօ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղու­թիւն», «կո­րի­զա­յին ու­ժա­նիւթ», «Ռուս­իոյ ու Չի­նաս­տա­նի հետ մտեր­մա­կան կա­պեր» եւ շարք մը այլ խո­րա­գիր­ներ (որոնց ճիշդ կամ սխալ ըլ­լա­լը այ­լա­պէս քն­նար­կե­լի եւ վի­ճե­լի է), սա­կայն երբ հար­ցե­րը կու գան բա­խե­լու նա՛եւ Հա­յաս­տա­նի դռ­նե­րը, կը կար­ծենք, որ մեր աշ­խար­հա­հայ­եաց­քին մէջ բե­կում­նա­յին տար­բե­րու­թիւն պէտք է ըլ­լայ:
Հա­յաս­տան որ­քա՛ն ալ որ հա­ւա­սա­րակ­շիռ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րէ (կամ, դր­սեցի­ին աչ­քով՝ ձե­ւաց­նէ վա­րել), կան կարգ մը իրա­կա­նու­թիւն­ներ, որոնց ան­տե­սու­մը ար­տօ­նե­լի չէ: Եւ հար­ցե­րը չեն բխիր միայն 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մէն եւ հե­տե­ւած իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն, այլ ու­նին աւե­լի եր­կար պատ­մու­թիւն, որուն կը հե­տե­ւին մեր բա­րե­կամ­ներն ու թշ­նա­մի­նե­րը:
Եր­թանք քիչ մը ետ: Խորհր­դա­յին առա­ջին տա­րի­նե­րուն, մօ­տա­ւո­րա­պէս 100 տա­րի առաջ, Մոսկ­ուա­յի «բա­րե­միտ մի­ջամ­տու­թեամբ» Իրան հո­ղա­շերտ մը զի­ջե­ցաւ Թուրք­իոյ, որ­պէս­զի Ատր­պէյ­ճա­նին «նուէր տր­ուած» Նա­խի­ջե­ւա­նին հետ ու­նե­նայ մօ­տա­ւո­րա­պէս 15 քլմ. եր­կա­րու­թեամբ սահ­ման մը: Հա­մա­թու­րա­նա­կան ծրա­գի­րը կ’ապ­րէր իր առա­ջին տաս­նամ­եակ­նե­րը (չմտ­նենք Մոսկ­ուա-Ան­գա­րա սի­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու եւ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թեան ծալ­քե­րուն մէջ, որոնք նո­րա­նոր ելե­ւէջ­ներ կ’ապ­րին մեր օրե­րուն):  Հա­մա­թու­րա­նա­կա­նու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը ձե­ւով մը սառ­նա­րան մտած էին՝ մին­չեւ Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մը, իսկ երբ Հա­յաս­տան վերս­տին ան­կախ պե­տու­թիւն դար­ձաւ, առա­ջին իսկ օրե­րէն դարձ­եալ սկ­սաւ բա­խել Հա­յաս­տա­նի դռ­նե­րը: Այդ օրե­րուն էր որ Թուրք­իա պատ­կա­ռե­լի կա­մուրջ մը կա­ռու­ցեց Արա­քսի վրայ, կապ­ուե­լով Նա­խի­ջե­ւա­նի հետ, յե­տոյ սո­վո­րու­թեան վե­րա­ծեց ազեր­ի­ա­կան «եղ­բայ­րա­կան» բա­նակ­նե­րուն հետ Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ ռազ­մա­փոր­ձե­րը: (Յի­շեց­ման կար­գով ար­ձա­նագ­րենք նա­եւ, որ Սիւ­նի­քէն մաս մը Ատր­պէյ­ճա­նին յանձ­նե­լու եւ փո­խա­րէ­նը ար­ցախ­եան որոշ շր­ջան­ներ ու­նե­նա­լու՝ ամե­րիկ­եան «ներշն­չում»ով ընտ­րան­քը սե­ղան նետ­ուած էր 90-ական­նե­րու սկիզ­բը, յե­տոյ վի­ժե­ցաւ՝ Ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մին մէջ հայ­կա­կան կող­մին ան­վի­ճե­լի յաղ­թա­նա­կին շնոր­հիւ): Աւե­լի ուշ, այս հար­ցը (նա­եւ՝ արեւմտ­եան աշ­խար­հի շա­հե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան Հա­յաս­տան մը ու­նե­նա­լու ընտ­րան­քը) անուղ­ղակի­օ­րէն սե­ղան բեր­ուե­ցաւ փրո­թո­քոլ­նե­րու խո­րա­գի­րին տակ, այդ փու­լին ալ առա­ջադ­րան­քը ճամ­բայ չկտ­րեց: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, եւ ո՛չ միայն կով­կաս­եան գօ­տին աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով (այլ աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով գո­նէ Սեւ ծո­վու հիւ­սի­սա­յին ըն­դար­ձակ տա­րած­քը՝ որ կ’ընդգր­կէ Ուք­րան­ի­ան, Պ­ե­լա­ռուս­ի­ան եւ պալ­թեան կարգ մը եր­կիր­ներ), Արեւ­մուտ­քին հետ Ռուս­իոյ բա­րե­կա­մու­թիւն-հա­կադ­րու­թիւն ըն­թաց­քը ապ­րե­ցաւ բա­զում փու­լեր, ու այս ծի­րին մէջ ստեղծ­ուե­ցաւ Թուրք­իա-Ռուս­իա նո­րա­գոյն «սի­րա­բա­նու­թիւն»ը, որ, յա­մե­նայն­դէպս, բո­լո­րո­վին չի ծած­կեր բա­ցա­յայտ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը (որ­քան ալ երե­ւոյթ­նե­րը թա­փան­ցիկ կամ ան­թա­փանց վա­րա­գոյր­նե­րով սքո­ղեն զա­նոնք): Հի­մա ալ, Վրաս­տա­նի ճամ­բով փոր­ձեր ի յայտ կու գան՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ ու Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ հար­ցե­րը լու­ծե­լու «բա­րի նպա­տակ»ով:
***
Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին ճամ­բով, Իրա­նի դէմ արեւմտ­եան ճն­շում­նե­րուն նո­րա­գոյն փու­լը բաց­ուե­ցաւ աւե­լի քան երեք տա­րի առաջ, «Թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թե­նէն» կարճ ատեն մը ետք, երբ այդ օրե­րու նա­խա­գահ Թրամ­փի բարձ­րաս­տի­ճան պատ­ուի­րա­կը, հռ­չա­կա­ւոր Ճոն Պոլ­թը­նը (որ յե­տոյ իր երկ­րին մէջ վար­կա­բեկ­ուե­ցաւ դար­ձեալ) Հա­յաս­տան եկաւ եւ բա­ցա­յայ­տօ­րէն պատ­գա­մեց, որ Հա­յաս­տան պէտք է վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ Իրա­նի հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը (այ­սինքն՝ խզ­ուի ան­կէ): Հա­յաս­տան բնա­կա­նա­բար չէր կր­նար ըն­դա­ռա­ջել նման «բա­րի բաղ­ձանք»ի մը, որով­հե­տեւ, գի­տենք, կան պատ­մա­կան կա­պեր, բայց մա­նա­ւանդ տն­տե­սա­կան կեն­սա­կան եւ փո­խա­դարձ շա­հեր: Իրա­նի հետ խզում՝ կը նշա­նա­կէ Հա­յաս­տա­նի յա­ւել­եալ շն­չա­հեղ­ձու­թիւնը (որո՞ւ հո­գը՝ Արեւ­մուտ­քի մէջ), իսկ Իրա­նի հա­մար կը նշա­նա­կէ դէ­պի հիւ­սիս կեն­սա­կան ճամ­բու մը կո­րուս­տը (որ­քան ալ որ Ատր­պէյ­ճան փոր­ձէ Իրանն ու աշ­խար­հը հա­մո­զել, որ իր հո­ղե­րը փո­խընտ­րանք մըն են):
***
Այս ընդ­հա­նուր խո­րա­պատ­կե­րին շր­ջա­գի­ծին մէջ դի­տե­լով նո­րա­գոյն զար­գա­ցում­նե­րը (առանց բո­լո­րո­վին ան­տե­սե­լու շատ աւե­լի տա­րա­ծուն գօ­տի­ներ եւ գոր­ծօն­ներ), աւե­լի՛ յս­տա­կօ­րէն կա­րե­լի է տես­նել, որ եթէ Ար­ցա­խի դէմ տա­րի մը առաջ շղ­թա­յա­զերծ­ուած յար­ձա­կո­ղա­կա­նը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն առանցք ու­նէր հայ­կա­կան հո­ղե­րու խլու­մը, անի­կա մի­ա­ժա­մա­նակ մաս կը կազ­մէր շատ աւե­լի ըն­դար­ձակ ռազ­մա­վա­րու­թեան մը, որուն կի­զա­կէտ­նե­րէն մէկն ալ Իրանն է, իսկ մէկ այլ կի­զա­կէ­տը՝ նոյ­նինքն Ռուս­ի­ան: Այլ խօս­քով, պէտք է աւե­լի բա­ցա­յայտ ըլ­լայ, որ Ար­ցա­խի զար­գա­ցում­նե­րը որ­քա՛ն խոր կա­պե­րով զօթ­ուած են ամ­բողջ շր­ջանն ու մի­ջազ­գա­յին բե­մը յու­զող հար­ցե­րու:
Թուրք­իոյ կող­մէ ահա­բե­կիչ­նե­րու Ար­ցախ բեր­ուի­լը օրին ալ մտա­հո­գու­թիւն պատ­ճա­ռած էր Իրա­նի (նա­եւ այ­լոց), սա­կայն ո՛չ ոք գործ­նա­կան քայլ առաւ աղա­ղա­կող այդ փաս­տը հա­կակ­շի­ռի տակ բե­րե­լու հա­մար: Ու վա­ղը, եթէ ներ­կա­յի ազ­դան­շան­նե­րը նոր զար­գա­ցում­նե­րու դուռ բա­նան, տագ­նա­պը վե­րած­ուի Ատր­պէյ­ճան-Իրան եւ այդ ճամ­բով՝ նա­եւ Թուրք­իա-Իրան, ապա նա­եւ Իս­րա­յէ­լը ներգ­րա­ւող աւե­լի տա­րա­ծուն ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու (իսկ գաղտ­նիք չէ, որ Իս­րա­յէլ տաս­նամ­եակ­նե­րէ ի վեր կը նուա­գէ Իրա­նի վրայ արեւմտ­եան յար­ձա­կու­մի մը լա­րին վրայ), մենք՝ ի Հա­յաս­տան եւ աշ­խար­հով մէկ տա­րած­ուած հա­յերս, մտա­հոգ­ուե­լու ինչ­պի­սի՛ պատ­ճառ­ներ պէտք է ու­նե­նանք: Այս բո­վան­դա­կու­թեան մէջ ալ, կա­րե­լի է տես­նել, թէ ման­կու­նակ ինչ­պի­սի՜ տրա­մա­բա­նու­թեան մը ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներն են (այ­լա­պէս ցան­կա­լի) խա­ղա­ղա­սի­րու­թիւնը, Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ սահ­ման­ներ բա­նա­լու երազ­նե­րը, առեւ­տուր ընե­լով տն­տե­սա­կան բա­րօ­րութեան հաս­նե­լու պատ­րանք­նե­րը: Ու դեռ չխօ­սինք միւս դառն ու դա­ժան իրա­կա­նու­թեանց մա­սին, որ պա­տե­րազմին ամէ­նէն տար­րա­կան մուր­հակ­նե­րը կը մնան բաց (գե­րի­ներ, բռ­նագ­րաւ­ուած հո­ղեր, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեանց փճա­ցում, ըստ էու­թեան հա­յուն պատ­կա­նող բնա­կան հարս­տու­թեանց իւ­րա­ցում, «Պայ­րաք­տար»նե­րով եւ իս­րա­յէլ­եան անօ­դա­չու սա­ւառ­նակ­նե­րով հա­զա­րա­ւոր­նե­րու սպանդ ու շէ­նե­րու կոր­ծա­նում, ար­գիլ­եալ այլ զէն­քե­րու օգ­տա­գոր­ծում եւ այլն): Բա­րեն­պա­տակ այդ ծրա­գիր­նե­րը կար­ծէք թէ եր­բեք ալ նկա­տի չու­նին գործ­նա­պէս բա­ցա­սա­կան այս իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը, ու որոշ մեկ­նա­բան­ներ կը բա­ւա­կա­նան հրճ­ուե­լով, որ Իրա­նը դժ­գոհ է Ատր­պէյ­ճա­նի ըն­թաց­քէն, վա­ղը կր­նայ «անոր հա­խէն գալ»: Ան­դին, բնա­կան է որ Իրան կամ այլ բա­րե­կամ­ներ զար­ման­քով կը հե­տե­ւին ըստ էու­թեան ինք­նալ­քում մատ­նող եւ ցնորք­ներ հե­տապն­դող Երե­ւա­նի իշ­խա­նու­թեան վար­քա­գի­ծին, կամ մին­չեւ իսկ հա­կա­ի­րան­եան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ փնտ­ռեն անոնց մէջ…:
***
…Տա­րի մը առաջ, այս օրե­րուն, 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մը սկզբ­նա­կան փու­լին մէջ էր: Նա­խօր­եա­կին, Հա­յաս­տան իրո­ղա­պէս ան­տե­սած էր թշ­նա­մի­նե­րէն եկած նշան­նե­րը (ռազ­մա­փոր­ձեր, քա­րոզ­չա­կան ար­շաւ­ներ…), իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը հա­ւա­տա­ցած էին (եւ կը փոր­ձէ­ին հա­մո­զել), որ պա­տե­րազմ պի­տի չըլ­լայ, իսկ ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին՝ Թուրք­իա մաս­նա­կից պի­տի չըլ­լայ (այդ «մար­գա­րէ­ու­թիւնը» քա­րո­զող­նե­րէն: Մա­կունց խա­նու­մը հի­մա Ուա­շինկ­թը­նի մէջ դես­պան է): Այլ խօս­քով, ան­կա­րող էին «ճիշդ կար­դա­լու» ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան իրա­կա­նու­թիւն­ներն ու անոնց ըն­թաց­քը (ու­րիշ մեկ­նա­բա­նու­թիւն չը­նենք), առա­ւե­լա­բար տար­ուած էին «ներ­քին հաշ­ուարկ­ներ»ով:
Այ­սօր ալ իշ­խա­նու­թեան մա­կար­դա­կին վրայ տե­սա­նե­լի է որոշ կրա­ւո­րա­կա­նու­թիւն եւ «մե­զի բան պի­տի չըլ­լայ»ի տրա­մա­բա­նու­թիւն մը, հա­ւա­տա­լով, որ 9 Նո­յեմ­բե­րի յայ­տա­րա­րու­թիւնը փր­կա­րար փաս­տա­թուղթ մըն է: Ան­դին, ո՛չ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ո՛չ ալ Թուրք­իոյ քա­ղա­քա­կան ըն­թաց­քին, ռազ­մա­վա­րու­թեան ու մար­տա­վա­րու­թեան մէջ փո­փո­խու­թիւն եղած է, չեն փոխ­ուած նա­խա­պայ­ման­նե­րը, պա­հանջ­նե­րը, աւե­լին, կը տես­նենք, որ «ար­կա­ծախնդ­րա­կան» որա­կուող անոնց քայ­լե­րը ինչ­պի­սի՛ մութ հո­րի­զոն­ներ կը ստեղ­ծեն:
Չի բա­ւեր մտա­ծել, որ Իրան եւ Ռուս­իա ստիպ­ուած են ռազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան այն­պի­սի վար­մունք ու­նե­նալ, որ մէկ կող­մէ պաշտ­պա­նեն իրենց շա­հե­րը, միւս կող­մէ խու­սա­փին պա­տե­րազ­մէ (Ռուս­իա կը պաշտ­պա­նէ Ար­ցա­խի եւ Սիւ­նի­քի ընդ­հա­նուր ապա­հո­վու­թիւնը, Իրանն ալ թող իր գլ­խուն ճա­րը տես­նէ՝ առե­ւանգ­ուած մե­քե­նա­վար­նե­րը ազա­տե­լու հա­մար), իսկ մենք բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեան… հան­դի­սա­տե­սը մնանք, չմ­տա­ծենք ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան, մեր հո­ղե­րուն եւ իրա­ւունք­նե­րուն պահ­պան­ման մի­ջոց­նե­րուն մա­սին: Հասկ­ցանք, որ Շու­շին մե­զի պէտք չէր, նոյն տրա­մա­բա­նու­թեամբ ալ, որո՞ւն է պէտք բա­նակ վե­րա­կազ­մե­լը՝ պա­տե­րազ­մէն տա­րի մը ետք…
Այ­սօր ալ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տար­ուած են ներ­քին հաշ­ուարկ­նե­րով (տե­ղա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ եւ հա­մայնք­նե­րու «խո­շո­րա­ցում», ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու բան­տար­կու­թիւն, հե­տապն­դում, տն­տե­սու­թեան բա­րե­լաւ­ման մա­սին ցան­կա­լի քա­րոզ­ներ…): Իշ­խա­նու­թեան մօ­տիկ աղ­բիւր­նե­րը մին­չեւ ան­գամ չեն հաս­տա­տեր կամ հեր­քեր այն լու­րե­րը (որոնք ծա­գե­ցան մեր այս տո­ղե­րուն ար­ձա­նագ­րու­մէն եր­կու օր առաջ), թէ՝ նախ­կին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Դա­ւիթ Տօ­նոյ­եան եւ բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­ներ ձեր­բա­կալ­ուած են չա­րա­շա­հու­թիւն­նե­րու մե­ղադ­րան­քով, անոնց բնա­կա­րան­նե­րը կը խու­զարկ­ուին (ամիս­ներ առաջ, պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւ­նե­րը նման «դան­դաղ­կո­տու­թիւն» ու­նե­ցան ազեր­ի­ա­կան բա­նակ­նե­րուն Հա­յաս­տան թա­փան­ցու­մի լու­րե­րուն առի­թով ալ, յե­տոյ ստիպ­ուե­ցան հաս­տա­տում­ներ եւ հեր­քում­ներ տալ): Իշ­խա­նու­թեան դի­մաց, ընդ­դի­մա­դիր ճա­կա­տէն շատ աւե­լի լուրջ մտա­հո­գու­թիւն­ներ կը հն­չեն, սա­կայն փաս­տը այն է, որ իշ­խա­նու­թիւնը, յաչս աշ­խար­հին ու հան­րութ­եան, կ’ըն­դուն­ուի իբ­րեւ վճ­ռո­րոշ խօսք ըսո­ղը (իշ­խա­նու­թիւն՝ ան­կախ ան­ձե­րէ եւ որա­կում­նե­րէ): Այս ոլո­րապ­տոյ­տին մէջ, դարձ­եալ ու դարձ­եալ կը կորս­ուի կամ յե­տին բեմ կը հր­ուի այն հար­ցու­մը, թէ իս­կա­պէս ո՞վ էր պա­տե­րազ­մին եւ ահա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տուն, ռազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան գե­տին­նե­րու մէջ ձա­խող նի­շեր ստա­ցած գլ­խա­ւոր պո­սը, որո՞նք էին գոր­ծա­կից դե­րա­կա­տար­նե­րը: (Դէմ չենք չա­րա­շահ­նե­րու հե­տապնդ­ման եւ հաշ­ուե­տուու­թեան բեր­ման, սա­կայն ատոնք պէտք չէ մատն­ուին սոս­կա­կան քա­ւու­թեան նո­խա­զի. հաշ­ուե­տուու­թեան բե­րե­լը չի կր­նար ցատ­կել ԲՈ­ԼՈՐ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն վրա­յէն, Ար­ցա­խի ու Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց բարձ­րա­գոյն վա­րիչ­նե­րէն սկս­եալ):
***
Կ’ար­ժէ՛ յոյս ու­նե­նալ, որ իշ­խա­նու­թիւն եւ ընդ­դի­մա­դիր­ներ՝ նո­րա­գոյն այս փոր­ձու­թիւն­նե­րը դի­մա­կա­լեն առն­ուազն վեր­ջին մէկ տար­ուան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն դրա­մագ­լու­խով, մա­նա­ւա­նդ անհ­րա­ժեշտ զգայ­նու­թիւնը ցու­ցա­բե­րեն մեր շուր­ջը ան­ցած-դար­ձած­նե­րուն նկատ­մամբ:
Ս. Մահսերէճեան