Հայերէն գիրեր, օրհնեալ նշխարներ
Դարերէ ի վեր ապրող վկաներ
Բարիք բաշխեցիք, լոյս տարածեցիք
Սիրով կանչեցիք, մեզ միացուցիք:
Հայերէն գիրեր, գովեալ մասունքներ
Անցեալէն եկող անխախտ կոթողներ
Դուք սքանչելիք, բիւրեղ մնացիք
Խաւարն մերժեցիք, շող արձակեցիք:
Հայերէն գիրեր, Մեսրոպի հետքեր
Շնորհքի խօսուն թարգման եղողներ
Ամէն ընտանիք յայտնէ երախտիք
Դուք հայ մնալու պատուաստը տուիք:
Հայերէն գիրեր, լսելի կանչեր
Երկար տքնութեան հիւթեղ պտուղներ
Սրբազան կնիք, պայծառ աւետիք
Հորիզոն բացիք, միշտ ներշնչեցիք:
Սրբատառ գիրեր, երկնահոս ցողեր
Ոսկեդար կերտող անսպառ գանձեր
Նորահաս սերունդ ընդմիշտ կը ծաղկիք
Երբ մեր տառերը սիրէք ու սորվիք:
Ոսկետառ գիրեր, արթուն զինուորներ
Օտարի լուծէն փրկող հերոսներ
Ամէն հայորդիք, ուր ալ գտնուիք
Կը մնաք ընտիր երբ լեզուին կառչիք:
Լուսազարդ գիրեր, մշտափայլ աստղեր
Միջօրէի պէս ճառագայթողներ
Յաղթ տողանցեցիք, հանճար երգեցիք
Պատուաբեր երթով զմայլեցուցիք:
Օրհնաբաշխ գիրեր, բերքառատ հասկեր
Բազմարդիւն հունձքի եզակի պատկեր
Դարեր հոգ տարիք, մեզ խնամեցիք
Սուրբ Խորհուրդ ունիք, դուք հրաշալիք:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան