«Երկիր».-Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, որուն մէջ ըսուած է. «Նախնական տեղեկութիւն Այսօր ժամը 13:15-ին Մարտակերտի շրջանային ոստիկանութեան բաժինէն հաղորդում ստացուած է, որ Մարտակերտ քաղաքի յարակից տարածքին մէջ գտնուող նռան այգիին մէջ, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէն դիպուկահարի կրակոցէն մահացու վիրաւորում ստացած է Մարտակերտի բնակիչ Արամ Տեփնանց (ծնեալ 1966թ.): տեղւոյն կ’աշխատին իրաւապահ մարմինները: Դէպքի մանրամասները կը յստականան աւելի ուշ»: