ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Խովայեւ (Ռուսիա) տարածած են յայտարարութիւն մը: «7 եւ 8 Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ համանախագահները խորհրդակցութիւններ ունեցած են ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի եւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) փոխնախագահ Ժիլ Քարպոնիէի հետ: Հանդիպումներուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Բոլոր մասնակիցները ընդգծած են միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողմէ իրենց աշխատանքները իրականացնելու լիարժէք, անարգել մուտքի կարեւորութիւնը: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի շրջագիծին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջին կառուցողական հանդիպումին լոյսին տակ համանախագահները ողջունած են Ատրպէյճանի կողմէ մէկ հայ զինուորի ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ քննարկած հաւանական ապամագլցողական եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւնները, այդ կարգին` ձերբակալուածներու, անյայտ կորսուածներու եւ բոլոր տեղահանուածներու կամաւոր վերադարձի հետ կապուած: Համանախագահները ընդգծած են կողմերուն հետ համաձայնութեան ոլորտներ գտնելու ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու մտադրութիւնը: Համանախագահները դրական ընդունած են նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնք համանախագահներու հովանիին ներքեւ հանդիպելու սկզբունքային պատրաստակամութիւն կը յայտնեն: Համանախագահները անհամբերութեամբ կը սպասեն կողմերուն հետ նման հանդիպումի մը պայմաններն ու մանրամասնութիւնները քննարկելու եւ վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը մօտ օրէն այցելելու շրջան` քննարկելու այս հոլովոյթին հետագայ քայլերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ: