ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուր­իոյ Ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նը Տու­պա­յի մէջ ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւաք մը կա­տա­րեց, ուր բա­րե­կա­մա­կան մր­ցում մը ու­նե­ցաւ Չի­նաս­տա­նի կազ­մին հետ. Հան­դի­պու­մը վերջ գտաւ 1-1 հա­ւա­սար ար­դիւն­քով: Հա­ւա­քա­կա­նը այ­նու­հե­տեւ մեկ­նե­ցաւ հա­րա­ւա­յին Քոր­իա, ուր պի­տի մր­ցի հիւ­րըն­կալ հա­ւա­քա­կա­նին հետ:
-Սուր­իոյ թե­նի­սի աղջ­կանց պա­տա­նե­կան հա­ւա­քա­կա­նը իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րաւ արեւմտ­եան Աս­իոյ մր­ցա­շար­քին՝ գրա­ւե­լով եր­րորդ դիր­քը:
ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ
ԱՐ­ՍԷՆ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈՍ­ԵԱՆ՝ ԾԱՆ­ՐԱ­ՄԱՐ­ՏԻ ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ՅԻ
ԵՐԻ­ՏԱ­ՍԱՐԴ­ՆԵ­ՐՈՒ ԱԽՈՅ­ԵԱՆ
Հա­յաս­տա­նի ծան­րորդ­նե­րը հեր­թա­կան ոս­կի մե­տալ­ներ նուա­ճե­ցին Ֆին­լան­տա­յի մէջ ըն­թա­ցող ծան­րա­մար­տի Եւ­րո­պա­յի Մ-20 եւ Մ-23 տա­րե­կան­նե­րու մր­ցա­շար­քե­րուն: Մին­չեւ 23 տա­րե­կան­նե­րու պայ­քա­րին 109 քկ. ծան­րու­թիւն շալ­կող Ար­սէն Մար­տի­րոս­եան եր­կա­մար­տին յա­ջո­ղե­ցաւ բարձ­րաց­նել 383 քկ. (176+207) եւ գրա­ւեց առա­ջին դիր­քը: Պե­լա­ռուս մար­զիկ Կոս­տան­թին Կու­րովս­կին ետ մնաց եր­կու քկ.ի տար­բե­րութ­եամբ: Մ-23 առաջ­նու­թեան +87 քկ. աղ­ջիկ­նե­րու մր­ցա­շար­քին Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­փի­նէ Դա­լալ­եա­նը պո­կու­մի վար­ժու­թեան ըն­թաց­քին վի­րա­ւոր­ուե­ցաւ, որուն հե­տե­ւան­քով ալ չկր­ցաւ շա­րու­նա­կել մե­նա­մար­տը: Մինչ՝ 20 տա­րե­կան տղոց մր­ցա­շար­քին 102 քկ. ծան­րու­թիւն բարձ­րաց­նող մար­տիկ Պետ­րոս Պետ­րոս­եան եր­կա­մար­տին 349 քկ. (155+194) բարձ­րաց­նե­լով  գրա­ւեց 3-րդ դիր­քը եւ ար­ժա­նա­ցաւ պրոն­զէ մե­տա­լի:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏՆ ՈՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵՑԻՆ
Սպան­իոյ ֆութ­պո­լի ախոյ­եա­նու­թեան 8-րդ փու­լի գլ­խա­ւոր հան­դի­պում­նե­րէն մէ­կը դար­ձաւ Աթ­լե­թի­քօ Մատ­րի­տի եւ Պար­սե­լո­նա­յի մր­ցու­մը: Մր­ցու­մը աւար­տե­ցաւ Պար­սե­լո­նա­յի ձա­խո­ղու­թեամբ: Հան­դի­պու­մի եր­կու կո­լե­րը ար­ձա­նագր­ուե­ցան առա­ջին կի­սա­խա­ղին: 22-րդ վայրկ­եա­նին հիւ­րըն­կալ կազ­մին առա­ջին հար­ուա­ծը նշա­նա­կեց ֆրան­սա­ցի կի­սա­պաշտ­պան Թո­մաս Լե­մար, իսկ խա­ղի կի­սուն Պար­սե­լո­նա­յի նախ­կին խա­ղա­ցող Լուիս Սուա­րէզ ար­ձա­նագ­րեց Աթ­լե­թի­քո­յի երկ­րորդ կո­լը: 34-ամ­եայ Սուա­րէզ յա­ջո­ղե­ցաւ ցն­ցել իր բո­լոր մր­ցա­կից­նե­րուն դար­պա­սը. վեր­ջի­նը եղաւ Պար­սե­լո­նան: Այս յաղ­թա­նա­կէն ետք, Տի­է­կօ Սիմէո­նէի գլ­խա­ւո­րած կազ­մը ապա­հո­վեց 17 կէտ: Նոյն փու­լին, Ռէ­ա­լ Մատ­րի­տը 2-1 ար­դիւն­քով կրեց անակն­կալ պար­տու­թիւն մը Էսբանիօլ խում­բէն: 17-րդ վայրկ­եա­նին առա­ջին կո­լը նշա­նա­կեց սպա­նա­ցի Ռաուլ տէ Թով­մա­սը: 60-րդ վայրկ­եա­նին հո­ղա­տե­րէ­րը կրկ­նա­պատ­կե­ցին ար­դիւն­քը՝ Ալէշ Վի­տա­լի ջան­քե­րով: Ռէ­ա­լի մի­ակ կո­լը նշա­նա­կեց Քա­րիմ Պեն­զե­ման՝ նշա­նա­կե­լով իր ան­հա­տա­կան 9-րդ կո­լը:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ