ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ»- Իրան եւ Թուրքիա փոխադարձաբար փակեցին բոլոր անցակէտերը՝ բեռնատարներուն համար: Ըստ «Ռիա Նովոստի»ի՝ այս մասին յայտնեց Իրանի հետ առեւտուրի զարգացման միութեան ղեկավար Օզճան Ալաշ: Ըստ անոր՝ այդ որոշումը տրուած է իբրեւ պատասխան Թեհրանի որոշման, որմով արգիլուեցաւ թրքական բեռնատարներուն Իրան մուտքը: «Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցաւ՝ Իրանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տիրող լարուած իրավիճակին պատճառով», յայտնեց Ալաշ: Ըստ իրանցի պաշտօնեային՝ իրավիճակը կրնայ բացասաբար անդրադառնալ Թեհրանի եւ Անգարայի առեւտրական յարաբերութիւններուն վրայ, մանաւանդ որ անոնց միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը արդէն իսկ նուազած էր պսակաձեւ ժահրին պատճառով: