ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Մարինէ Համբարձումեանի մահուան առիթով ցաւակցագիր յղած է.
«ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը ցաւով տեղեկացաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարինէ Համբարձումեանի անժամանակ մահը:
Մարինէ Համբարձումեան մեծ աւանդ ունի վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՕՄ-ի վերահաստատման, կայացման եւ բարեսիրական անթիւ ծրագիրներու իրականացման: 1990-ական թուականներէն ընկերուհի Մարինէ Համբարձումեան տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ եղած է ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամ: 2019-ին ընտրուած էր ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի:
ՀՕՄ-ի անխոնջ մշակ, կամաւորական եւ բարեսիրական աշխատանքներու մեծ նուիրեալ Մարինէ Համբարձումեանի մահուան առիթով մեր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք սիրելի ընկերուհիի ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
09.10.2021»