ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 10 Հոկտեմբերին դիմատրետրի իր էջով յայտարարած է.

«Մենք միայն ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ արտախորհրդարանական ուժերը խորհրդարանէն դուրս պայքարի օրակարգեր ձեւաւորէն (ինչպէս  ժամանակին մենք կ’ընէինք): Մենք ոչ միայն կ’ողջունենք ասիկա, այլեւ լիարժէքօրէն կը գործակցինք այդ ուժերուն եւ անհատներուն հետ:

Այսօր կան բազմաթիւ քաղաքական եւ հասարակական արժանի գործիչներ, որոնք խորհրդարանի մէջ չեն, բայց անկեղծ եւ իրական պայքարի մէջ են այս չարիքի կառավարութեան դէմ: Բայց կան նաեւ ուժեր եւ անհատներ, որոնք քաղաքական դաշտի մէջ ոտատեղ ունենալու համար իրենց պարտքը կը համարեն վարկաբեկել կամ նսեմացնել խորհրդարանական ընդդիմութեան գործունէութիւնը` չհասկնալով դասագրքային  պարզ ճշմարտութիւն մը. կա’մ իշխանութիւն ես, կա’մ ընդդիմութիւն, ասոնց մէջտեղը ըլլալը լաւ կարգավիճակ չէ, այլ պարզապէս լուսանցք ուղղուիլն է:

Մենք բաց ենք բոլոր իրական ընդդիմադիր ուժերու եւ անհատներու հետ լայն գործակցութեան, միշտ պատրաստ ենք լսելու եւ՛ քննադատութեան, եւ՛ առաջարկներ, պատրաստ ենք միասին պայքարելու եւ’ խորհրդարանի մէջ, եւ’ խորհրդարանէն դուրս:

Պատրաստ ենք միասնաբար ազգային դիմադրութեան օրակարգ ձեւաւորելու, ուժերը մէկտեղելու եւ Հայաստանի թրքացումը կանխելու ուղութեամբ հանդէս գալու միասնական ճակատով:

Քանի տակաւին այս իշխանութիւնը կայ, Հայաստանի պետականութիւնը վտանգուած է, ուստի ասոնց հեռացումը պէտք է որեւէ գիտակից հայ մարդու գլխաւոր նպատակը ըլլայ:

Ուժերու համախմբումը եւ Ազգային դիմադրութեան ձեւաւորումը կենսական անհրաժեշտութիւն է …իսկ մնացած
խաղերը ժամանակի անիմաստ կորուստ են, իրական օրակարգերէ շեղում …..»: