Երեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Երեւանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմի հետ հանդիպում մը ունեցաւ։ Հանդիպումին ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն շուրջ։ Կողմերը անդրադարձան թրքական համակարգին տարածաշրջանին մէջ ունեցած վատ դերակատարութեան, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի բնակիչները ջրազուրկ պահելուն եւ անոնց տարբեր տեսակի նեղութիւններ պատճառելուն։ Կողմերը շեշտեցին խորհրդարանական այցելութիւններ փոխանակելու կարեւորութիւնը, ինչ որ կը զարգացնէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները՝ յատկապէս տնտեսական ոլորտին մէջ։ Իր կարգին դեսպան Հաճ Իպրահիմ շնորհաւորեց Սիմոնեանը՝ ՀՀ խորհրդարանի նախագահ ընտրուելուն առիթով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ժողովուրդը շնորհաւորեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով։