«Դրօշակի» այս թիւին մէջ եւս, լուսարձակը ուղղելով օրուան յուզող հիմնահարցերուն վրայ, պաշտօնաթերթը կը շարունակէ ուշադրութեան առանցքին մէջ պահել 44-օրեայ պատերազմի եւ, վերջինիս հետեւանքով, տարածաշրջանի մէջ ձեւաւորուած նոր իրողութիւններու, ընթացք առած ու հաւանական զարգացումներու նիւթերը: Նոր թիւի «առաջնորդողը» եթէ կ’անդրադառնայ Իսրայէլի դերակատարութեան անցած պատերազմին, ու առհասարակ Ատրպէյճան-Իսրայէլ զինուորական եւ ռազմավարական գործակցութեան ծալքերուն, ապա իրանագէտ Լիանա Պետրոսեանն ու Արտեօմ Տօնոյեան կը քննեն Իրան-Ատրպէյճան փոխյարբերութիւններու մէջ տեղի ունեցող նոր շրջադարձերու նիւթը: Քաղաքականագէտ Հրանտ Մելիք-Շահնազարեան, անդրադառնալով ամէն գնով խաղաղութեան հասնելուն ուղղուած Հայաստանի իշխանութիւններուն կատարած քայլերուն կը մատնանշէ անոնց անհեռանկարայնութիւնն ու վտանգաւորութիւնը Հայաստանի համար: Շարունակելով ներկայացնել անկախութեան ճանապարհով Արցախի անցած 30-ամեայ ուղին պատմաբան Էդիկ Մինասեանի յօդուածի հրապարակուող 2-րդ մասին մէջ մանրամասնօրէն կը ներկայացուի Արցախեան բանակցային ողջ գործընթացը, ինչպէս եւ անկախ Արցախի հասարակական-քաղաքական կեանքի պատկերն ու 44-օրեայ պատերազմի վաւերագրութիւնը: Հայ-թրքական նիւթին «Դրօշակի» անդրադարձերը պայմանաւորուած են , որ ինչպէս գիտենք, 13 Հոկտեմբերին կը լրանայ հայութեան համար ողբերգական նշանակութիւն ունեցած Կարսի պայմանագիրի կնքման 100-րդ տարին: Պատմաբան Արմէն Մարուքեան հիմնաւորապէս քննելով պայմանագիրի Հայաստանին վերաբերող կէտերը կը փաստէ միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն անոնց ապօրինի բնոյթը, որով կ’արդարացուի վերջինիս անվաւեր ճանաչման ուղղուած հայ ժողովուրդի իրաւունքը: Պատմական այս ճակատագրական իրողութեան պատմաբան Անի Մելքոնեան կ’անդրադառնայ պատմաքաղաքական տեսանկիւնէն: Զուգահեռներ բերելով Կարսի եւ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Շուշիի ու առհասարակ Արցախի իրաւականօրէն յանձնումին: Յօդուածի հեղինակը փաստած է օտարահպատակ եւ ապազգային իշխանութիւններուն նմանութիւնը, անոնց կատարած ոճրագործ քայլերու ճակատագրական հետեւանքները հայ ժողովուրդի ներկայի ու ապագայի վրայ: Այս անգամ եւս «Դրօշակ» իր ընթերցողին կը ներկայացնէ քանի մը այլ հետաքրքրական հրապարակումներ: Համացանցի վրայ «Դրօշակ»ի 2021-ի թիւ 10-րդ թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէով: