“Եիկիր”._Ազգային Ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան անդամ Տիգրան Աբրահամեան դիմատետրի էջին վրայ գրած է․ «15 Սեպտեմբերին, ԱԺ-ի կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին հարց ուղղած էի Նիկոլ Փաշինեանին ճշգրտելու, թէ արդեօ՞ք կ’երաշխաւորէ, որ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու իրականացման համար՝ Արցախը Հայաստանին կապող նոր ճամբուն այնպիսի երթուղի պիտի չհաստատուի, որուն պայմաններուն մէջ Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր քաղաքը, Սուս եւ Աղաւնօ գիւղերը, ինչպէս նաեւ՝ Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Եղծահող, Հին շէն, Մեծ շէն, Կանաչ Թալա, Տասը վերստ գիւղերը որեւէ կարգավիճակով պիտի յայտնուի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Այդ օրը Փաշինեան խուսափեցաւ յստակ պատասխան տալու՝ պատճառաբանելով, թէ ձեռքի տակ քարտէզ չկայ, իսկ իմ կողմէս նշուած համայնքներուն մասին նշումներ չէ հասցուցած ընելու։ Անկէ անմիջապէս վերջ, 24 Սեպտեմբերին, գրութեամբ շարադրած եմ հարցը ու ուղարկած եմ Փաշինեանին, ուր յստակ ձեւակերպուած էր հարցը ու որոշակի բնակավայրերը։ Գրութեանս պատասխանը ստացայ այսօր, բայց ոչ թէ Փաշինեանէն, այլ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեանէն, որ միայն նշած է, որ «9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտի 2-րդ ենթակէտին շուրջ բանակցութիւններ չեն ընթացած»։ Ուշադրութիւն դարձուցէք այն հանգամանքին, որ իմ պահանջս էր ստանալ երաշխիք, հաւաստիացում, որ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու իրականացման հետեւանքով՝ ՀՀ-ն Արցախի Հանրապետութեան կապող ճամբու փոփոխութեան հետեւանքով թուարկուած քաղաքներն ու գիւղերը որեւէ կարգավիճակով ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ պիտի չանցնին, սակայն Նիկոլ Փաշինեան նման երաշխիք պիտի չտայ, միայն նշած է, որ տակաւին չեն բանակցած։ Իշխանութիւնը կամ արդէն պայմանաւորուած է այդ տարածքներուն կամ անոր մէկ մասի յանձնումին, կա՛մ չունի վստահութիւն, որ հետագայ բանակցութիւններուն պիտի կարենայ այդ համայնքներու շուրջ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարել՝ անոնք պահել հայկական վերահսկողութեան տակ»։