«Երկիր».-«Հայաստան մօտ ապագային պէտք է դրական քայլերու ձեռնարկէ ականապատ դաշտի քարտէզներու փոխանցման հարցը լուծելու եւ գործակցութեան ու խաղաղութեան յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Ան նաեւ ընդգծած է, որ նման գործողութիւնները կ’օգնեն արագացնելու Ղարաբաղի վերականգնման գործընթացը: «Հայաստանը պէտք է որքան կարելի է շուտ այդ տարածքներուն մէջ տեղադրուած ականներու բոլոր քարտէզները փոխանցէ Ատրպէյճանին: Ի վերջոյ, տարածքները պէտք է մաքրուին ականներէն, որպէսզի մարդիկ իրենց կեանքը չկորսնցնեն հայրենի հողերուն վրայ: Հարազատ Ատրպէյճանը երբեք մինակ չէ եղած, մենք երբեք մինակ չենք թողուր Ատրպէյճանը: Թող բոլորը իմանան այս մասին», ըսած է Չաւուշօղլուն: Անոր համաձայն, այս պահուն անհրաժեշտ է տարածքները մաքրել ականներէ, զորս այնտեղ տեղադրած են հայերը: Անոր համար, ինչպէս յայտնած է ան, այսօր բաւական ճարտարագիտական կարելիութիւններ կան: