8, 9 եւ 10 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդական քերմէսը, կազմակերպութեամբ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարատից Միութեան:
Քերմէսի նախորդող շաբթուան ընթացքին միութիւնը կը պատրաստուէր խանդավառութեամբ ու միասնական աշխատանքներով: Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի փակը եռուզեր կար:
Բոլոր հայկական դպրոցներու աշակերտներուն բաժնուեցան առաջին օրուան մուտքի անվճար տոմսերը:
Քերմէսը ամէն տարի կ’ունենայ յատուկ խորագիր մը։ Այս տարուան խորագիրը LEGO-ն էր եւ ամբողջ շրջափակը զարդարուած էր LEGO շարժապատկերի հերոսներուն նկարներով եւ արձաններով։
Քերմէսը կ’ընդգրկէր զանազան մտային եւ ժամանցային խաղեր, բոլոր տարիքի պատանիներուն կողմէ սիրուած վախի զգացում արթնցնելու, ինչպէս նաեւ ուտելիքի եւ դիմայարդարման տաղաւարները: Անոր աշխատանքներուն մասնակցողները հագած էին նոյնանման գազակներ, որոնց ետեւի բաժինը տպուած էր՝ «Հայաստանը ամէն բանէ վեր է» կարգախօսը՝ յիշեցնելու համար այցելուներուն, որ մենք պիտի պայքարինք եւ նոյնիսկ պատրաստ ենք մեր կեանքը զոհելու յանուն Հայաստանի ապահովութեան:
Երեք օրերու տեւողութեան ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտ մը կը տիրէր շրջափակին մէջ, մանաւանդ փոքրիկներուն համար, երբ առաջին օրը հանդէս եկան իրենց սիրելի Սոնան, ծաղրածուն, մեղուն, կատուն ու շնիկը՝ հաճելի երգերու յայտագիրով մը: Գեղարուեստական յայտագիրը կը վարէր Ռատիօ Ժամի տաղաւարը, սփռելով տարուան ամենասիրուած երգերը:
Միութեան վարչութիւնը կիրարկած էր նաեւ ծանուցումներու դրութիւնը, որպէսզի Սուրիոյ մէջ գործող եւ Սուրիայէն դուրս գործող տարբեր գործատէրեր ցուցադրեն իրենց աշխատանքներն ու այցի քարտերը։
Հարկ է նշել նաեւ, որ քերմէսի միջոցաւ հաւաքուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի սաներուն եւ պատերազմի հետեւանքով շէնքի կրած կառուցային վնասներու բարեկարգումին:
Արփի Գէորգեան