Չորեքշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Պելկրատի մէջ գումարուած անկողմնակալ պետութիւններու յատուկ խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ հանդիպում ունեցաւ լիբանանցի պաշտօնակից Ապտալլա Պու Հապիպին հետ։
Կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման շուրջ։
Նախարար Մըքտատ Սուրիոյ նախանձախնդրութիւնը յայտնեց Լիբանանի բարգաւաճման եւ բարելաւման գծով։ Նախարար Մըքտատ Սուրիոյ պատրաստակամութիւնը յայտնեց այլաբնոյթ օգնութիւն տրամադրելու Լիբանանի եղբայր ժողովուրդին, որպէսզի շրջանցէ ներկայ դժուար պայմանները։
Իր կարգին, նախարար Պու Հապիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ՝ Լիբանանի զօրակցութեան համար՝ յատկապէս կենսուժի հարցով։
Նախարարները զրուցեցին սուրիացի տեղահանուածներուն Սուրիա տունդարձի կարելիութիւններուն շուրջ։ Այս առիթով նախարար Մըքտատ շեշտեց, որ Սուրիա տարբեր երկիրներ հաստատուած սուրիացի տեղահանուածներուն դիւրութիւններ կը տրամադրէ, որպէսզի վերադառնան եւ շարունակեն իրենց կեանքը իրենց երկրին մէջ։
Նախարար Մըքտատ կոչ ուղղեց միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ տեղահանուածներուն հանդէպ իրենց պարտականութիւնը լիովին կատարելու եւ չխոչընդոտելու անոնց տունդարձը։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի, նախարարութեան անձնական գրասենեակի տնօրէն դոկտ. Ապտալլա Հալլաք, Պելկրատի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպանատան գործերու յանձնակատար դոկտ. Ամմար Աուատ եւ Պելկրատի մէջ սուրիական դեսպանատան ներկայացուցիչ Ամիտ Համտան։