ՀՅԴ Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ԱԺ փոխ­նա­խա­գահ Իշ­խան Սա­ղա­թէլ­եան 10 Հոկ­տեմ­բե­րին դի­մատ­ետ­րի իր էջով յայ­տա­րա­տեց.
«Մենք միայն ու­րախ պի­տի ըլ­լանք, եթէ ար­տա­խորհր­դա­րա­նա­կան ու­ժե­րը խորհր­դա­րա­նէն դուրս պայ­քա­րի օրա­կար­գեր ձե­ւա­ւո­րեն (ինչ­պէս  ժա­մա­նա­կին մենք կ’ընէ­ինք): Մենք ոչ միայն կ’ող­ջու­նենք ասի­կա, այ­լեւ լի­ար­ժէ­քօ­րէն կը գոր­ծակ­ցինք այդ ու­ժե­րուն եւ ան­հատ­նե­րուն հետ:
Այ­սօր կան բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ար­ժա­նի գոր­ծիչ­ներ, որոնք խորհր­դա­րա­նի մէջ չեն, բայց ան­կեղծ եւ լուրջ պայ­քա­րի մէջ են այս կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ: Բայց կան նա­եւ ու­ժեր եւ ան­հատ­ներ, որոնք քա­ղա­քա­կան դաշ­տի մէջ ոտ­նա­տեղ ու­նե­նա­լու հա­մար իրենց պարտ­քը կը հա­մա­րեն վար­կա­բե­կել կամ նսե­մաց­նել խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը՝ չհասկ­նա­լով դա­սագր­քա­յին  պարզ ճշ­մար­տու­թիւն մը. կա՛մ իշ­խա­նու­թիւն ես, կա՛մ ընդ­դի­մու­թիւն, ասոնց մէջ­տե­ղը ըլ­լա­լը լաւ կար­գա­վի­ճակ չէ, այլ պար­զա­պէս լու­սանցք ուղղ­ուիլ է:
Մենք բաց ենք բո­լոր իրա­կան ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րու եւ ան­հատ­նե­րու հետ լայն գոր­ծակ­ցու­թեան, միշտ պատ­րաստ ենք լսե­լու եւ՛ քն­նա­դա­տու­թիւն, եւ՛ առա­ջարկ­ներ, պատ­րաստ ենք մի­ա­սին պայ­քա­րե­լու ե՛ւ խորհր­դա­րա­նին մէջ, ե՛ւ խորհր­դա­րա­նէն դուրս:
Պատ­րաստ ենք մի­աս­նա­բար ազ­գա­յին դի­մադ­րու­թեան օրա­կարգ ձե­ւա­ւո­րե­լու, ու­ժե­րը մէկ­տե­ղե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի թր­քա­ցու­մը կան­խե­լու հա­մար հան­դէս գա­լու մի­աս­նա­կան ճա­կա­տով:
Քա­նի տա­կա­ւին այս իշ­խա­նու­թիւնը կայ, Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թիւնը վտանգ­ուած է, ուս­տի անոր հե­ռա­ցու­մը պէտք է որե­ւէ գի­տա­կից հայ մար­դու գլ­խա­ւոր նպա­տա­կը ըլ­լայ:
Ու­ժե­րու հա­մախմ­բու­մը եւ Ազ­գա­յին դի­մադ­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն են …իսկ մնա­ցած խա­ղե­րը ժա­մա­նա­կի անի­մաստ կո­րուստ են, լուրջ օրա­կար­գե­րէ շե­ղում …..»: