Յի­շե­լով եւ յար­գե­լով Թարգ­ման­չաց սե­րուն­դին ան­մար յի­շա­տա­կը, Կի­րա­կի 10 Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:00-ին, Հա­լէ­պի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գով աւան­դա­բար յի­շա­տակ­ուե­ցաւ Սր­բոց Թարգ­ման­չաց տօ­նը, տնօ­րի­նու­թեամբ՝ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի: Սուրբ Պա­տա­րագ մա­տու­ցեց եւ օր­ուան խոր­հուր­դը ներ­կա­նե­րուն ուղ­ղեց Առաջ­նոր­դի Օգ­նա­կան Հոգշ. Տ. Մա­նուկ Աբղ. Պա­րի­խան­եան: Ներ­կայ էին Ազգ. Երես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վի ատե­նա­պետ տի­ար Սուն­պուլ Սուն­պուլ­եան եւ հա­ւա­տաց­եալ ժո­ղո­վուր­դը։
Եկե­ղեց­ւոյ դպ­րաց դա­սին հո­գե­պա­րար եր­գե­ցո­ղու­թեամբ հն­չե­ցին Սր­բոց Թարգ­ման­չաց տօ­նին նուիր­ուած շա­րա­կան­ներ, ղե­կա­վա­րութ­եամբ՝ դպ­րա­պետ Բարշ. Գօ­գօ սրկ. Տէր Վար­դան­եա­նի:
Օր­ուան քա­րո­զին մէջ Հայր Մա­նուկ ընդգ­ծեց հայ գի­րե­րու գիւ­տին եւ սր­բոց թարգ­ման­չաց տօ­նին կա­րե­ւո­րու­թիւնը, որ շեշտ­ուե­ցաւ մե­ծա­թիւ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րու ներ­կա­յութ­եամբ:
Հայր Սուր­բը աւե­տա­րա­նա­կան հա­մար­նե­րով ներ­կա­նե­րուն ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց քա­նի մը կա­րե­ւոր կէ­տեր:
«Աւե­լի եր­ջան­կա­բեր է տա­լը, քան առ­նե­լը» հա­մա­րը մէջ­բե­րե­լով, ան հրա­ւի­րեց հա­ւա­տաց­եալ­նե­րը, որ­պէս­զի տա­լու եւ առ­նե­լու գոր­ծո­ղու­թիւնը հա­ւա­սա­րա­պէս կի­րար­կեն իրենց կեան­քին մէջ, որ­պէս­զի ար­դա­րա­նան, այն­պէս ինչ­պէս թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րը Սուրբ Հոգի­էն ստա­ցած իրենց շնորհք­նե­րը փո­խան­ցե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին:
«Ար­դա­րը իր հա­ւատ­քով պի­տի փրկ­ուի» հա­մա­րով, Հայր Սուր­բը դի­տել տուաւ, որ աշ­խա­տան­քը սուրբ է, յատ­կա­պէս երբ առա­քե­լա­կան կո­չու­մին հա­մա­պա­տաս­խան կ’ըլ­լայ: Հե­տե­ւա­բար, ան շեշ­տեց հա­յե­րէ­նի թարգ­ման­ուած Աւե­տա­րա­նի ոգի­ով ըն­թա­նա­լու եւ Աւե­տա­րա­նը անա­ղարտ պա­հե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւնը:
Եզ­րա­փա­կե­լով, Հայր Սուր­բը հրա­ւի­րեց երի­տա­սարդ­նե­րը, որ­պէս­զի հա­ւա­տա­րիմ մնան հայ լեզ­ուին, հայ մշա­կոյ­թին եւ Աստ­ուա­ծա­շուն­չին, որ­պէս­զի պաշտ­պան­ուին տա­րաբ­նոյթ հո­սանք­նե­րէ եւ ցու­լու­մի վտան­գէն:
Ան քա­րո­զը փա­կեց հե­տեւ­եալ մաղ­թանք­նե­րով.
«Ճա­շա­կե­ցէ՛ք եւ տե­սէ՛ք՝ հա­յե­րէն տա­ռե­րը եւ հա­յե­րէն Պա­տա­րա­գը, զի քաղցր են»: «Թա­գա­ւոր Երկ­նա­ւոր, հայ լե­զուն, հայ Աւե­տա­րա­նը եւ հայ ազ­գը ան­շարժ պահ­եա՛»: