Լոն­տո­նի Bloomsbury Publishing ըն­կե­րու­թեան ճիւ­ղե­րէն մէ­կը՝ I. B. Tauris հրա­տա­րակ­չա­տու­նը, վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յեց հա­յա­գէտ դոկտ. Վար­դան Մատ­թէ­ոս­եա­նի անգ­լե­րէն աշ­խա­տա­սի­րու­թիւնը՝ The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and ,Medz Yeghernե (,Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ան­ուա­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը. լե­զու, պատ­մու­թիւն եւ ,Մեծ Եղեռնեե), որ հրա­տա­րակ­չա­տան նոր՝ ,Հա­յե­րը ար­դի եւ վաղ ար­դի աշ­խար­հին մէջե մա­տե­նա­շա­րին առա­ջին հա­տո­րը կը կազ­մէ։
Տաս­նամ­եա­կի մը տք­նա­ջան ու­սում­նա­սի­րու­թեան ար­դիւնք այս գիր­քը կը քն­նէ ,Մեծ Եղեռնե ան­ուան ծա­գումն ու զար­գա­ցու­մը։ Հա­յոց դէմ գործ­ուած եղեռ­նը (ոճի­րը) լայ­նօ­րէն ըն­դուն­ուած է պատ­մա­բան­նե­րու կող­մէ իբ­րեւ 20րդ դա­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­սա­կան պա­րա­գա­նե­րէն մէ­կը, բայց անոր ճշգ­րիտ իրա­ւա­կան սահ­մա­նու­մը սուր պայ­քա­րի ու բա­նա­վէ­ճի առար­կայ դար­ձած է մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։ Դոկտ. Մատ­թէ­ոս­եան իր ու­շադ­րու­թիւնը սե­ւե­ռած է պատ­մագ­րու­թեան մէջ ան­տես­ուած ու սխալ մեկ­նա­բան­ուած նիւ­թի մը վրայ, որ­դեգ­րե­լով պատ­մա­կան, լեզ­ուա­կան, գրա­կան ու քա­ղա­քա­կան բազ­մա­կող­մա­նի մօ­տե­ցում մը։ Ան հե­տաքն­նած է հա­յոց զանգ­ուա­ծա­յին ջարդն ու ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ան­ուա­նող եզ­րե­րուն զար­գա­ցու­մը հին ժա­մա­նակ­նե­րէն մին­չեւ ար­դի շր­ջա­նը, որուն հա­մար օգ­տա­գոր­ծած է հայ եւ օտար  մա­տե­նա­գի­տու­թեան ու պար­բե­րա­կան մա­մու­լի մե­ծա­ծա­ւալ հա­ւա­քա­ծոյ մը։ ,Եղեռնե բա­ռի մեկ­նա­բա­նու­թե­նէն սկ­սե­լով, հե­ղի­նա­կը ցոյց տուած է, թէ ինչ­պէ՞ս անոր գոր­ծա­ծու­թեան աս­տի­ճա­նա­կան բնաշր­ջու­մը՝ ,ցե­ղաս­պա­նու­թիւնե բա­ռի ծնուն­դին (1944) եւ ոճի­րի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ի խն­դիր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան զու­գըն­թաց։ Աղէ­տա­լի պատ­մա­կան դէպք մը կո­չե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րուն այս խո­րա­թա­փանց հե­տա­զօ­տու­թիւնը կ’ընդգր­կէ ու­շա­դիր քն­նար­կու­մը անց­եալ եր­կու տաս­նամ­եակ­նե­րուն ,Մեծ Եղեռնե ան­ուան օգ­տա­գործ­ման եւ շա­հա­գործ­ման՝ Վա­տի­կա­նի, Թուրք­իոյ եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ, եւ անոր ար­ձա­գանգ­նե­րուն հայ­կա­կան ոլոր­տին մէջ։
,Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը զիս յատ­կա­պէս չէր հե­տաքրք­րած իբ­րեւ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու գլ­խա­ւոր նիւթ, մին­չեւ որ այս դա­րաս­կիզ­բին ,Մեծ Եղեռնե անու­նը մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թակ մտաւ եւ անոր իմաս­տը հաս­տա­տե­լու հե­ղի­նա­կու­թե­նէ կամ անհ­րա­ժեշտ գի­տու­թե­նէ զուրկ դե­րա­կա­տար­ներ  ժխտ­ման գոր­ծի­քի վե­րա­ծե­ցին զայնե, կ’ըսէ դոկտ. Մատ­թէ­ոս­եան։ ,Ահա այս­տեղ է, որ հա­յե­րէ­նը երե­ւան կու գայ իբ­րեւ ան­տես­ուած ու էա­կան աղ­բիւր՝ հասկ­նա­լու, թէ անու­նը ի՞նչ կը նշա­նա­կէ լե­զուն խօ­սող­նե­րուն հա­մար, որոնք եղած են ու կը մնան նման հե­ղի­նա­կու­թիւն ու գի­տե­լիք ու­նե­ցող մի­ակ ան­ձե­րը։ Աշ­խա­տե­ցայ հաս­տա­տել ,եղեռնե բա­ռի տար­բեր իմաստ­նե­րը պատ­մութ­եան ըն­թաց­քին, զու­գադ­րե­լով ,ցե­ղաս­պա­նու­թիւնե բա­ռի գոր­ծա­ծութ­եան հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ 1945էն սկս­եալ, ինչ­պէս եւ հաշ­տեց­նել այդ իմաստ­նե­րը՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ան­ուա­նե­լու քա­ղա­քա­կան ներ­կայ մի­տում­նե­րուն հետե, կը շա­րու­նա­կէ ան։ ,Կը կար­ծեմ որոշ ներդ­րում մը կա­տա­րած ըլ­լալ, որ աւե­լի լաւ ըմբռն­ուի ցե­ղաս­պա­նա­գի­տա­կան հար­ցե­րու հան­դէպ բազ­մա­կող­մա­նի մօ­տեց­ման մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը, մի­ա­ժա­մա­նակ սե­ղա­նի վրայ դնե­լով տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու եւ վեր­լու­ծում­նե­րու հան­րա­գու­մար մը, որ ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն մատ­չե­լի չէրե։
Փրոֆ. Պետ­րոս Տէր Մա­թոս­եան (Նեպ­րաս­քա­յի հա­մալ­սա­րան, Լին­քըն)՝ ,Հա­յե­րը ար­դի եւ վաղ ար­դի աշ­խար­հին մէջե մա­տե­նա­շա­րի գլ­խա­ւոր խմ­բա­գի­րը, կը յայտ­նէ. ,Իրա­պէս ոգե­ւոր­ուած ենք Վար­դան Մատ­թէ­ոս­եա­նի բարձ­րո­րակ գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թեամբ, որ հրա­պա­րակ կ’ել­լէ ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հու մը, երբ ժխ­տո­ղա­կան­նե­րը, ըլ­լայ թր­քա­կան պե­տու­թիւնն ու իր կար­գու­սար­քը կամ առան­ձին ան­հատ­ներ, կ’օգ­տա­գոր­ծեն ու կը շա­հա­գոր­ծեն ,եղեռնե հաս­կա­ցու­թիւնը՝ Օս­ման­եան կայս­րու­թեան բնիկ հայ բնակ­չու­թեան դէմ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տին գործ­ուած ոճիր­նե­րը բնո­րո­շող ,ցե­ղաս­պա­նու­թիւնե բա­ռէն խու­սա­փե­լու հա­մար։ Դոկտ. Մատ­թէ­ոս­եա­նի միջ­գի­տա­կար­գա­յին (interdisciplinary) մօ­տե­ցու­մը եւ բծախն­դիր հե­տա­զօ­տու­թիւնը հաս­կա­ցու­թեան ծա­գու­մը կը լու­սա­բա­նէ գիտ­նա­կան­նե­րու եւ պարզ ըն­թեր­ցող­նե­րու հա­մար՝ գծե­լով անոր ճա­նա­պար­հը 20րդ եւ 21րդ դա­րե­րունե։
Դոկտ. Վար­դան Մատ­թէ­ոս­եան, որ ներ­կա­յիս Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան թե­մի Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի (Նիւ Եորք) դիւա­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը կը վա­րէ, պատ­մութ­եան եւ գրա­կա­նու­թեան մաս­նա­գէտ է։ Վեր­ջին 35 տա­րի­նե­րուն հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն եւ սպա­նե­րէն 8 հա­տոր հրա­տա­րա­կած է՝ հա­յոց պատ­մու­թեան, գրա­կա­նու­թեան ու լեզ­ուի մա­սին, եւ սպա­նե­րէ­նի ու անգ­լե­րէ­նի թարգ­մա­նած՝ 22 գիրք։ Խմ­բագ­րած է հա­յե­րէն, սպա­նե­րէն եւ անգ­լե­րէն կարգ մը հա­տոր­ներ, եւ հրա­տա­րա­կած՝ բազ­մա­թիւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, թարգ­մա­նու­թիւն­ներ եւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան յօդ­ուած­ներ հայ եւ օտար մա­մու­լին մէջ։