Մանկապարտէզ կ’ուզեմ երթալ
Ազատ-հանգիստ լալ ու խնդալ
Ընկերներով խաղաղ խաղալ
Անտառներէն հեռու կենալ
Բողբոջ, կոկոն, ծաղիկ ըլլալ
Առանց փուշի, միշտ բուրմունք տալ
Հին օրերուն վերադառնալ
Վերածնիլ, անմեղանալ:
Մանկապարտէզ կ’ուզեմ երթալ
Մարդկութիւնն է խեղճ տառապեալ
Հազիւ ուրախ անակնկալ
Յետոյ տագնապ, սուգ կայ դարձեալ
Կարելի՞ է տոկուն զգալ
Հաւատքով ալ կանգուն մնալ
Իսկ պահերուն ալեկոծեալ
Արիանալ եւ մանկանալ:
Մանկապարտէզ կ’ուզեմ երթալ
Պարզութիւնը խորքով ճանչնալ
Տիրոջ լոյսով պայծառանալ
Չարէն ընդմիշտ օտարանալ
Սիրոյ խօսնակ հանդիսանալ
Միածնաէջ մսուր դառնալ
Բեթլեհէմեան աստղով շողալ
Աւետիսի երգով խայտալ:
Մանկապարտէզ կ’ուզեմ երթալ
Ներկան ապրիլ, հոգը մոռնալ
Օրօրներով խոր քնանալ
Եդեմական կեանքով ցնծալ
Անվերջ գարնան մասնիկ ըլլալ
Իսկ սրտերուն տրտմեալ, խոցեալ
Ակնթարթով մը մօտենալ
Ջերմ մաղթանքով ներկայանալ:
Աշխարհն է մութ, մեղքով անկեալ
Խիղճն է լքեալ, նոյնիսկ թաղեալ
Եսը կեդրոն, շատ մեծարեալ
Մենքը ափսոս դատապարտեալ
Յիսուս ձեռքով փառաւորեալ
Կ’առաջարկէ մեզ դարձի գալ
Որ վերածէ սրտերն նեղեալ
Դրախտաբոյր ծաղկազարդեալ:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան