Թուրք­իոյ եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ­ներ Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղանն ու Ճօ Պայ­տը­նը հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նան Հռո­մի մէջ 30-31 Հոկ­տեմ­բե­րին նա­խա­տես­ուած Քսան­նե­րու խմ­բա­կի վե­հա­ժո­ղո­վի ծի­րին մէջ:
«Ի.Էյ.Տէյ­լի» կը հա­ղոր­դէ, որ այս մա­սին թր­քա­կան «Միլլի­էթ» օրա­թեր­թին հետ հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նած է Էր­տո­ղա­նի բան­բեր Իպ­րա­հիմ Քա­լըն: Վեր­ջինս բա­ցա­յայ­տած է նա­եւ նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման օրա­կար­գը՝ նշե­լով քն­նարկ­ուե­լիք գլ­խա­ւոր նիւ­թե­րը:
«Մենք ըն­դար­ձակ կա­պեր ու­նինք Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու հետ: Ղե­կա­վար­նե­րը պի­տի քն­նար­կեն քա­ղա­քա­կան, տն­տե­սա­կան, ու­ժա­նիւ­թա­յին, առեւտ­րա­կան ոլորտ­նե­րուն, պաշտ­պա­նու­թեան, ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցեր: Անոնք նա­եւ պի­տի քն­նար­կեն Աֆ­ղա­նիս­տա­նին, Սուր­իոյ, Իրա­քին, Կով­կա­սի շր­ջա­նին եւ Ղա­րա­բա­ղին առն­չուող հար­ցե­րը», աղ­բիւ­րին փո­խան­ցու­մով` նշած է թուրք ղե­կա­վա­րին բան­բե­րը: