Թարգ­ման­չաց տօ­նը, լոկ մեր թարգ­մա­նիչ­ներն ու անոնց աշ­խա­տան­քը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լէ ան­դին, ծա­ռա­յեց­նել փոր­ձենք ակ­նարկ մը նե­տե­լու թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քի կա­րե­ւո­րու­թեան՝ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու զար­գաց­ման, մշա­կոյթ­նե­րու  փո­խա­նակ­ման եւ ներ­կայ աշ­խար­հին մէջ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ծա­նօ­թաց­ման հա­մար։
Հին ժա­մա­նակ­նե­րուն թարգ­մա­նու­թիւնը մե­ծա­պէս գնա­հատ­ուած է, իսկ թարգ­մա­նիչ­նե­րը հա­մար­ուած են ար­քու­նիք­նե­րու եւ մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րու գլ­խա­ւոր խորհր­դա­տու­նե­րը։
Հայ գի­րե­րու գիւ­տի հե­ղի­նակ Ս.Մես­րոպ Մաշ­տոցն ու Սա­հակ Ա.Պար­թեւ կա­թո­ղի­կո­սը 5-րդ դա­րուն անգ­նա­հա­տե­լի աշ­խա­տանք տա­րած են թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան ծաղ­կու­մին մեկ­նար­կը կա­տա­րե­լով,  ինչ որ նպաս­տած է թէ՛ հայ գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թի տար­բեր ոլորտ­նե­րու զար­գաց­ման, թէ՛ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու պահ­պան­ման մէջ լե­զու­նե­րու իմա­ցու­թեան ար­ժէ­քը ի յայտ բե­րած է։
Հայ քրիս­տո­ն­է­ա­կան միտ­քը, Սուրբ Գիր­քէն մեկ­նե­լով, թարգ­մա­նու­թիւնը հա­մա­րած է Ս. հոգիի շնորհք­նե­րէն մէ­կը. «Մէ­կուն՝ Հոգի­էն տր­ուած է իմաս­տու­թեան խօսք… միւ­սին՝ բժշ­կե­լու շնորհ՝ նոյն Հոգի­ով… միւ­սին՝ լե­զու­նե­րու թարգ­մա­նութ­եան շնորհ…», (Ա Կորնթ.12.8-10)։
Թարգ­մա­նա­կան ողջ գրա­կա­նու­թիւնը հիմ­քեր ստեղ­ծած է հե­տա­գա­յին  հայ ինք­նո­րոյն աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան, մեկ­նո­ղա­կան, իմաս­տա­սի­րա­կան, գի­տա­կան եւ այ­լաբ­նոյթ գրա­կա­նութ­եան ստեղ­ծու­մին հա­մար։ Հին հայ­կա­կան  թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ պահ­պան­ուած են նա­եւ գի­տու­թեան բազ­մա­թիւ ար­խիւ­ներ, որով­հե­տեւ անոնց­մէ շա­տե­րուն բնագ­րե­րը հե­տա­գա­յին կորս­ուած են։
Օտար ազ­գե­րու մէջ եւս թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քը մեծ ար­ժէք վա­յե­լած է։
Արա­բե­րէ­նը, զո­րօ­րի­նակ, 6-7րդ դա­րե­րուն, ապ­պա­սա­կան խա­լի­ֆա­յու­թեան շր­ջա­նին, թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ այն­քան զար­գա­ցած ու ընդ­հան­րա­ցած է, որ շր­ջան մը արա­բա­կան գրա­կա­նու­թիւնը, գի­տու­թեան եւ ար­ուես­տի տար­բեր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը օտար թարգ­մա­նիչ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին մէջ յայտն­ուած են, իսկ արա­բե­րէ­նը դար­ձած է մի­ջազ­գա­յին լե­զու։  Պաղ­տա­տի մէջ հիմն­ուած է թարգ­ման­չա­կան կեդ­րոն մը, որ վե­րած­ուած է գիտ­նա­կան­նե­րու ակա­դեմ­իա­յի, հե­տա­գա­յին, թարգ­ման­չա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ ան դար­ձած է զա­նա­զան մշա­կոյթ­նե­րու եւ ազ­գե­րու մտա­ւոր աւան­դոյթ­նե­րու մի­ա­ձուլ­ման խորհր­դա­նիշ։
Այս օրե­րուն, յատ­կա­պէս արեւմ­տա­հայ մեր գրա­կա­նութ­եան մէջ, թարգ­ման­չա­կան աշ­խա­տան­քին նուազ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը տր­ուի։ Արե­ւե­լա­հայ գրա­կա­նու­թիւնը հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի հա­րուստ է թարգ­մա­նա­կան գոր­ծե­րով։
Այս երե­ւոյ­թը, բնա­կա­նա­բար, թար­գման­չա­կան մշա­կոյ­թին տր­ուած կա­րե­ւո­րու­թեան նուա­զու­մին հե­տե­ւանքն է։ Ճիշդ է՝ կը տօ­նենք Թարգ­ման­չաց տօ­նը, կ’ար­ժե­ւո­րենք թարգ­մա­նիչ­նե­րուն տա­րած հս­կայ աշ­խա­տան­քը, սա­կայն մեր մշա­կու­թա­յին, թէ եկե­ղե­ցա­կան կեդ­րոն­նե­րուն կող­մէ գործ­նա­կան հե­տե­ւո­ղա­կան քայ­լեր չենք նկա­տեր թարգ­ման­չա­կան աշ­խա­տան­քի ծրագր­ուած զար­գաց­ման ի նպաստ։ Մինչ­դեռ թարգ­ման­չա­կան աշ­խա­տան­քը պի­տի նպաս­տէ ոչ միայն արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման՝ արեւմ­տա­հայ ըն­թեր­ցո­ղը մղե­լով թարգ­ման­ուած օտար գրա­կա­նու­թեան ըն­թեր­ցու­մին ու իր լե­զուով տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու հետ շփու­մին, այ­լեւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման ու հարս­տաց­ման, իսկ արեւմ­տա­հա­յե­րէն գոր­ծե­րու թարգ­մա­նու­թիւնը՝ արեւմ­տա­հայ մշա­կոյ­թին ընդ­հան­րաց­ման։
Ցան­կա­լի է մեր մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րու ու­շադ­րու­թիւնը հրա­ւի­րել այս երե­ւոյ­թին, որ­պէս­զի գէթ փոքր քայ­լե­րով կա­րե­լի ըլ­լայ թարգ­ման­չա­կան նման շարժ­ման մը կա­րե­ւո­րու­թեան անդ­րա­դառ­նալ ու հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք­նե­րու ձեռ­նար­կել։