«Ազդակ».-Տասնամեակներ առաջ պատահած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերը յիշեցնող ահաւոր դէպքերով` լիբանանցիք նախանցեալ օր ապրեցան վախի ու սարսափի մթնոլորտի մէջ: Արդարեւ, սկզբունքով խաղաղ ցոյցով սկսած դէպքերը հետզհետէ լարուած մթնոլորտ ստեղծեցին, երբ ցուցարարներ հակոտնեայ բացագանչութիւններով շրջեցան Թայյունէ-Այն Ռըմմանէ շրջանի փողոցներէն, ուրկէ բռնկած էր Լիբանանի երկարատեւ պատերազմը, 13 Ապրիլ 1975-ին: Արձակազէնի «կոյր» փամփուշտներ, փոխադարձ կրակոցներ, պոռչտուք, իրարանցում, բաւարար էին ահ ու սարսափի մատնելու շրջանի բնակիչները, որոնք պահ մը իրենք զիրենք  պատերազմական «խրամատներու» մէջ արգելափակուած պատանդներ կարծեցին: Սարսափահար, անոնք փութացին հեռանալ եւ ապաստանիլ մօտակայ ապահով վայրեր, ուրիշներ փութացին իրենց զաւակները «ստանձնելու» մօտակայ դպրոցներէն, որոնք նոյնպէս արձակազէններու եւ փոխադարձ կրակոցներու թիրախ դարձած էին:  Եօթը զոհեր (վերջինը մահացաւ երէկ` ազդուելով ստացած փամփուշտէն) եւ տասնեակներով վիրաւորներ պատճառած անակնկալ այս բախումները առանցքային նիւթ դարձան երէկ` պաշտօնական, ժողովրդային, տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ:

Ըստ լրատուական տեղեկութիւններուն, Թայյունէի դէպքերը բռնկեցան, երբ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի անդամներ ու համակիրներ խաղաղ ցոյց մը կազմակերպած էին` իբրեւ բողոք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Թարեք Պիթարի որդեգրած գործելաձեւին դէմ, որ ըստ անոնց «կողմնակալ է եւ բոլոր կասկածելիները նոյն նժարով չի դատեր»: Անոնք կը պահանջէին դատաւոր Պիթարի հեռացումը այս հարցի հետաքննութենէն:

Փոխադարձաբար նաւահանգիստի զոհերու ընտանեկան պարագաներ ու անոնց զօրակցող լիբանանցիներ եւ կարգ մը քաղաքական խմբաւորումներ կը պնդեն, որ դատաւոր Պիթարի գործելաձեւը ճիշդ է եւ ան պէտք է շարունակէ ու ամբողջացնէ այս հարցին վճռումը, մինչեւ արդար եզրայանգում:

Սակայն դէպքը իր հետեւանքներով  լիբանանեան պատերազմը յիշեցնող մթնոլորտ ստեղծեց, յատկապէս երբ ցուցարարները շրջեցան Թայունէ-Այն Ռըմմանէ շրջանի փողոցներէն: