«Երկիր Մետիա».-Դիմատետրի որոշ օգտատէրերու կողմէն տարածուող տեղեկութիւնները «պաշարուած» դիրքերու եւ հրամանատարական դիտակէտի մասին չեն համապատասխաներ իրականութեանը: Այս մասին յայտնած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակը:

«Կրելով ակնյայտ ձեռնավարական բնոյթ անոնք նպատակ ունին ինչ-ինչ պատճառներով ապակողմնորոշել հանրութիւնը:

Կոչ կ’ուղղենք զերծ մնալու ընկերային  ցանցերու վրայ եւ հանրային այլ հարթակներու մէջ նման վարքագիծ դրսեւորելէ եւ հետեւելու բացառապէս պաշտօնական տեղեկութիւններուն»: