«9 Նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած հրադադարի վարչակարգի կոպիտ խախտումները ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէն շարունակական բնոյթ կը կրեն, նոյնիսկ վիրաւորում ստացած են մեր շարք մը զինուորական ծառայողները:

27 Սեպտեմբերի 2020-ին սկիզբ առած 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ՀՀ իշխանութիւններու անարժանապատիւ քաղաքականութիւնը չի կանխարգիլեր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն` միջազգային մարդասիրական եւ միջազգային իրաւունքի համընդհանուր սկզբունքներու շարունակական կոպիտ խախտումները:

Մշտապէս փաստացիօրէն միակողմանի խաղաղասիրական կոչերը, յարձակողական յայտարարութիւնները անպատասխան ձգելը չեն նպաստեր իրական, արժանապատիւ խաղաղութիւն ձեւաւորելու:

Ազգային ժողովի առկայ գործիքակազմի իւրացումով պիտի ձեռնարկուին բոլոր կարելի միջոցները նշուած դէպքերուն եւ առհասարակ Հայաստանի սահմանային լարուած իրավիճակի մասին որոշակի հարցադրումներու պատասխաններ ստանալու, եւ ժողովուրդին առջեւ հաշուետուողականութեան պարտականութեան ապահովման համար, նոյնիսկ հրատապ նիւթով քննարկումի ձեւաչափով:

«Հայաստան» դաշինք»