ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒ­ՐԵՐ ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՄԱՐ­ԶԱ­ԿԱՆ ԿԵԱՆ­ՔԷՆ
– «Քա­թար 2022»ի հա­մաշ­խար­հա­յին ֆութ­պո­լի զտ­ման մր­ցում­նե­րուն, Սուր­իոյ Ա. հա­ւա­քա­կա­նը ան­գամ մը եւս պար­տու­թեան մատն­ուե­լով իր դիր­քը զի­ջե­ցաւ այս ան­գամ հա­րա­ւա­յին Քոր­էա­յին 2-1 ար­դիւն­քով։ Մր­ցու­մէն ետք մեծ թիւով մար­զա­կան մաս­նա­գէտ­ներ պա­հան­ջե­ցին Ֆութ­պո­լի Դաշ­նու­թեան հե­ռա­ցու­մը:
– Արեւմտ­եան Աս­իոյ մր­ցա­շար­քի կի­սա­ւար­տա­կան մր­ցու­մին, Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի ողոմպ­ի­ա­կան հա­ւա­քա­կա­նը 5-2 ար­դիւն­քով մեծ պար­տու­թիւն մը կրեց Յոր­դա­նա­նի կազ­մին կող­մէն:
– Ուր­բաթ օր Հա­լէպ ժա­մա­նեց Իթ­թի­հատ ակում­բի պաս­քե­թի սերպ­ի­ա­ցի նո­րան­շա­նակ մար­զիչ Տի­ան Թո­մի­չը եւ ան­մի­ջա­պէս սկ­սան կազ­մին փոր­ձե­րը:
ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ
ՄԱԼ­ԽԱՍ ԱՄՈՅ­ԵԱՆ՝ ԸՄԲ­ՇԱ­ՄԱՐ­ՏԻ 2021-Ի ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻ ԱԽՈՅ­ԵԱՆ
Հա­յաս­տա­նի յու­նահ­ռո­մ­է­ա­կան ոճի ըմ­բիշ Մալ­խաս Ամոյ­եան ոս­կի մե­տալ նուա­ճեց Օս­լո­յի մէջ ըն­թա­ցող ըմբ­շա­մար­տի աշ­խար­հի առաջ­նութ­եան մրցումներուն: Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող 72 քկ. ծան­րա­բարձ մար­զի­կը եզ­րա­փա­կիչ մր­ցա­մար­տին  3/1 ար­դիւն­քով մեծ դժ­ուա­րու­թեամբ յաղ­թեց ռուս Սեր­կէյ Կու­տու­զո­վին եւ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով հռ­չակ­ուե­ցաւ աշ­խար­հի ախոյ­եան: Ամոյ­եա­նի մե­տա­լը եղաւ  Հա­յաս­տա­նի յու­նահ­ռո­մ­է­ա­կան ոճի ըմբ­շա­մար­տի հա­ւա­քա­կա­նի առա­ջի­նը Օս­լո­յի մէջ:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՖՐԱՆ­ՍԱՆ ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ՅԻ ՀԱ­ՒԱ­ՔԱ­ԿԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ԱԽՈՅ­ԵԱՆ
UEFA national League-ի աւար­տա­կան մր­ցու­մին, Ֆրան­սա­յի հա­ւա­քա­կա­նը յա­ջո­ղե­ցաւ 2-1 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նել Սպան­իոյ կազ­մը եւ տի­րա­նալ բա­ժա­կին: Հան­դի­պու­մի առա­ջին կի­սա­խա­ղը աւար­տե­ցաւ 0-0 հա­ւա­սա­րութ­եամբ։ Երկ­րորդ կի­սա­խա­ղին խում­բե­րը խտա­ցու­ցին իրենց յար­ձա­կում­նե­րը։ 64-րդ վայրկ­եա­նին Իտալ­ի­ան կա­տա­րեց կո­լե­րու բա­ցու­մը՝ Օպար­զա­պա­լը, որ­մէ մէկ վայրկ­եան ետք Քա­րիմ Պեն­զե­ման նշա­նա­կեց հա­ւա­սա­րու­թեան կո­լը: 80-րդ վայրկ­եա­նին Քիլ­ի­ան Իմ­պա­պէն յա­ջո­ղե­ցաւ կրկ­նա­պատ­կել Ֆրան­սա­յի ար­դիւն­քը յաղ­թա­նա­կի երկ­րորդ կո­լով։ Վեր­ջին վայրկ­եան­նե­րու աստ­ղը դար­ձաւ Ֆրան­սա­յի դար­պա­սա­պահ Լուի­սը, որ կր­ցաւ փր­կել դար­պա­սը բազ­մա­թիւ գն­դակ­նե­րէ:
ԻՏԱԼ­Ի­ԱՆ ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ՅԻ ՀԱ­ՒԱ­ՔԱ­ԿԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ԵՐ­ՐՈՐ­ԴԸ ՀԱՆ­ԴԻ­ՍԱ­ՑԱՒ
Հեր­թա­կան 34 ան­պարտ մր­ցում­նե­րէ ետք, Սպան­ի­ան կր­ցաւ դադ­րեց­նել Իտալ­իոյ յաղ­թար­շա­ւը եւ 2-1ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց զայն, որուն հե­տե­ւան­քով ան հե­ռու մնաց աւար­տա­կա­նէն: Կի­սա­ւար­տա­կան հան­դի­պու­մին Իտալ­ի­ան յա­ջո­ղե­ցաւ 2-1 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նել Պել­ճի­քան եւ գրա­ւել Եւ­րո­պա­յի հա­ւա­քա­կան­նե­րու եր­րորդ դիր­քը: Հան­դի­պու­մի կո­լե­րուն բա­ցու­մը 47-րդ վայրկ­եա­նին կա­տա­րեց Նի­քո­լա Պա­րե­լան: 65-րդ վայրկ­եա­նին Տո­մի­նի­քօ Պե­րար­տին տու­գա­նա­յին հար­ուա­ծով կրկ­նա­պատ­կեց ար­դիւն­քը: Նախ­քան հան­դի­պու­մին աւար­տը Պել­ճի­քան ար­ձա­նագ­րեց իր մի­ակ կո­լը՝ Շարլ տի Քիթ­լէ­րի մի­ջո­ցաւ:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ