Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքին մէջ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրի համավարակին տարածումը գագաթնակէտին հասած է եւ վարակուածներուն թիւը օր ըստ օրէ կը բարձրանայ։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Դամասկոսի, Դամասկոսի Արուարձանի, Հալէպի եւ Սուէյտայի հիւանդանոցները 100% պասրաստակամութեամբ օժտուած են, իսկ մնացեալ նահանգներուն մէջ՝ 90%։ Նախարարութիւնը կոչ կ՚ուղղէ քաղաքացիներուն շուտով պսակաձեւ ժահրի պատուաստը ստանալու եւ նախազգուշացման պայմանները յարգելու։