“Երկիր”._Նոր ընտրական արդիւնքներ Գորիսէն. իշխող Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութիւնը կրկնակիօրէն քիչ ձայն հաւաքած է: «Առուշ Առուշանեան» դաշինքը բացարձակ առաջատար է: Գորիս համայնքին մէջ 18 ընտրատեղամասէն ստացուած նախնական արդիւնքներով Առուշ Առուշանեան յաղթած է ՏԻՄ ընտրութիւններուն։ Առուշ Առուշանռանին քուէարկած է 6250 ընտրող, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան թեկնածու Վլատիմիր Աբունցի քուէարկած է 3590 ընտրող, Հայ Ազգային Քոնկրեսին՝ 243 բնակիչ։ Մասնակցած է ընտրողներուն 50,4 տոկոսը։