«Երկիր».-Հայաստանի ամենահեռու համայնքին` Մեղրիի մէջ ամփոփուած են Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները. հոն պայքարի մէջ էին «Ազատական», «Ապրելու Երկիր», «Քաղաքացիական Պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները: «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Անի Խաչատրեան դիմատետրի իր էջին մէջ յայտնած է, որ իրենց քաղաքական ուժը ամենաշատ ձայները հաւաքած է, եւ քաղաքապետ պիտի դառնայ Բագրատ Զաքարեան: Ըստ անոր ներկայացուցած տուեալներուն, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը ստացած է 42,8 %, ՔՊ-ն` 32, 8 %, «Ազատական» կուսակցութիւնը` 14,4 %, «Ապրելու Երկիր» կուսակցութիւնը` 9, 8 % ձայն: