“Երկիր”._Հայաստանի 3 մարզերու 6 համայնքներու մէջ` Կիւմրիի, Գորիսի, Մեղրիի, Տաթեւի, Տեղ համայնքի եւ Դիլիջանի մէջ 17 Հոկտեմբերին, Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու համամասնական ընտրութիւններ տեղի ունեցան։ Կիւմրիի ընտրութիւններուն մասնակցած է 10 կուսակցութիւն եւ դաշինք`«Հայրաքաղաք» դաշինք, «Արժանապատիւ Ուղի» կուսակցութիւն, ՀՀԿ, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւն, «Զարթօնք» ազգային-քրիստոնէական կուսակցութիւն, «Կիւմրին կրնայ» դաշինք, «Բալասանեան Դաշինք» ընկերական կուսակցութին, «Թասիպով» դաշինք, «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն, Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութիւն՝ ընդհանուր 287 թեկնածու: Գորիսի մէջ պայքարած են 2 կուսակցութիւն եւ 1 դաշինք՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր», «Հայ Ազգային Քոնկրես» կուսակցութիւնները եւ նոր ձեւաւորուած «Առուշ Առուշանեան» դաշինքը։ Մեղրիի մէջ պայքարած է 4 քաղաքական ուժ՝ «Ազատական» կուսակցութիւնը, «Ապրելու Երկիր» կուսակցութիւնը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը։ Սիւնիքի մարզի Տաթեւ համայնքի մէջ թեկնածուներ առաջադրած են «Ապրելու Երկիր» կուսակցութիւնը, «Շանթ Դաշինք» ազգայնական կուսակցութիւնը եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը։ Տեղ համայնքի մէջ պայքարած է ընդամէնը երկու կուսակցութիւն՝ «Ապրելու Երկիր»-ը եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը։ Դիլիջանի մէջ պայքարած է 5 կուսակցութիւն՝ «Ապրելու Երկիր», «Հայրենիք», «Հանրապետութիւն», «Քաղաքացիական Պայմանագիր» եւ «Քաղաքացու Որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնները։