Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Դամասկոսի «Նախագահի Կամուրջ»ի շրջանին յարակից զինուորական փոխադրակառք մը պայթեցաւ, որուն հետեւանքով 14 նահատակ եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան։
Աղբիւրը յայտնեց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ նախապէս երկու ական տեղադրած էին փոխադրակառքին տակ։ Պայթումէն ետք սուրիական բանակի երկրաչափական ստորաբաժանումները 3-րդ ական մըն ալ քակեցին փոխադրակառքին ներքնամասէն։