19 Հոկտեմբերին ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային մէջ սկիզբ առաւ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով եռօրեայ միջազգային գիտաժողովը` նուիրուած 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու 100-ամեակին:

Գիտաժողովին օրհնութեան խօսք ուղղեցին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը: Վերջինս ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան Մատենադարանի տնօրէն Շահան Արք. Սարգիսեան։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ ԳԱԱ նախագահ, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան, ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Իւրի Սուվարեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Գիտաժողովի երկու նիստերուն ընթացքին` «Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերը. դասեր 100-ամեայ հեռաւորութենէն» եւ «Արժեւորումներ պատմաիրաւական եւ քաղաքական տեսանկիւնէն» զեկոյցներով հանդէս եկան անուանի պատմաբաններ, հայաստանեան եւ միջազգային փորձագէտներ, ՀՀ ԳԱԱ գիտաշխատողներ, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամներ՝ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան շէնքին մէջ: