ՀՅԴ Հայ Դատի Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամները ցոյց կատարած են հաագայի միջազգային դատարանին առջեւ, ուր տեղի ունեցած է «Ատրպէյճան ընդդէմ Հայաստանի» գործով հրատապ միջոցներու մասին բանաւոր լսումներ:

Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ սկսած են Ատրպէյճանը ընդդէմ Հայաստանի գործով հրատապ միջոցներու բանաւոր լսումները: Հայցուորի կողմէն ներկայացուած են հրատապ միջոցներ կիրառելու մասին պահանջներ, որոնց ի պատասխան` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացուցած է հիմնաւոր հակափաստարկներ:

Լսումներու ընթացքին ՄԻԵԴ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան ներկայացուցած էր բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնք կը վկայեն Ատրպէյճանի կողմէն ցեղային զտման մտադրութեան, հայ գերիները խոշտանգելու, նուաստացնելու մասին:

«ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը պէտք է միջանկեալ միջոցներ ձեռնարկէ Ատրպէյճանի դէմ ` Հայաստանի կողմէն ներկայացուած ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային համաձայնութեան խախտման մաիսն հայցի քննարկման ընթացքին: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հայերու նկատմամբ դաժանութիւնները, ինչպէս նաեւ` իրենց վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային արժէքները ոչնչացնելու քաղաքականութիւնը:

Ազգութեամբ պայմանաւորուած ատելութիւնը այնքան տարածուած է, որ անկէ կը տառապի գրեթէ ողջ ատրպէյճանական հասարակութիւնը: Սերունդէ սերունդ կը սերմանեն վախ եւ ատելութիւն ամէն ինչի նկատմամբ, որ կապուած է Հայաստանի հետ», յայտարարած էր Կիրակոսեան: