Նկատի առնելով, հայկական պետութեան կործանման վտանգը ու Արցախի եւ Սիւնիքի կորուստը կասեցնելու հրամայականը` ՀՅԴ Երիտասարդականի համաշխարհային ընտանիքը դիմած է համազգային դիմադրութեան, որ հետեւողական պայքարի շնորհիւ պիտի առաջացնէ երկար սպասուած արժեհամակարգային յեղափոխութիւնը:

Նկատի ունենալով,

  • թուրք-ատրպէյճանական բանթուրանական քաղաքականութիւնը, որ միտում ունի մէկընդմիշտ տարածաշրջանի քարտէզէն ջնջելու Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութիւնները,
  • ՀՀ ապազգային, դաւադիր իշխանութիւններու ընթացքը, որ կ’առաջնորդուի միակողմանի զիջումներով` կարծեցեալ խաղաղութեան հասնելու քաղաքականութեամբ,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական փակուղին եւ այն իրականութիւնը, որ ՀՀ Ազգային ժողովի ընդդիմութեան ծաւալած գործունէութեան կողքին անհրաժեշտ է դիմել բազմաճակատ պայքարի`

ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը որոշած է չյարմարիլ այս իրականութեան, այլ` մեկնարկել համազգային երիտասարդական դիմադրութեան շարժում` պայքարի հինգ հիմնական ճակատներով․

  1. Ամէնուրեք թափ հաղորդել հակաթուրք եւ հակաատրպէյճանական պայքարին,
  2. Գերտէրութիւններուն հասցնել այն պատգամը, որ իրենց ծրագրերը չեն կրնար իրականացնել Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-պետական շահերու հաշուոյն,
  3. Կտրուկ քայլերով մերժել ՀՀ իշխանութիւններու պառակտող ու պետականակործան քաղաքականութիւնը,
  4. Պայքարիլ Արցախը հայաթափելու, անիկա ՀՀ-էն ու Սփիւռքէն անջատելու ատրպէյճանա-թրքական փորձերու եւ Սիւնիքէն արտագաղթի հոսանքին դէմ․ ՀՅԴ Երիտասարդականի կազմակերպած «Արցախի վերականգման ու զարգացման» եւ «Դէպի Սիւնիք» ծրագրերը այս աշխատանքի լաւագոյն ապացոյցներն են,
  5. Ներազգային ճակատի մէջ համախմբել, կազմակերպել հայ երիտասարդութիւն` ստեղծելով դիմադրութեան ցանցային կորիզներ:

Սիրելի՛ երիտասարդներ,

Կոչ  կ’ուղղենք բոլորիդ` միանալու այս շարժման այս ճակատագրական օրերուն, բոլորս` իրաւունք չունինք մատնուելու յանցաւոր անգործութեան: Զարթօնքի եւ ազգային անկումը վերելքի վերածելու պահը հիմա՛ է:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ
20.10.2021