Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հասիչէ, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն։ Հոգեշնորհ հայր սուրբին եւ ընկերակցող պատուիրակութեան ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորեցին Հասիչէի թաղականութիւնը, Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմն ու դպրոցի աշակերտները, որոնք կանչերով բարի գալուստ մաղթեցին հայր սուրբին եւ հիւրերուն։ Վարժարանի աշակերտներուն այցելեցին հոգեշնորհ հայր սուրբն ու Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ճեզիրէի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մար Մորիս Եպս. Ամսիհը։ Այնուհետեւ հոգեւոր հայրերը միասնաբար այցելեցին Ասորի համայնքի ազգային դպրոց, ապա խորհրդակցական հանդիպում ունեցան պատասխանատուներու հետ՝ մօտէն հետեւելու դպրոցներու ներկայ իրավիճակին եւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին կանխարգիլման միջոցներուն։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն