Ան­հա­մա­սե­ռու­թիւն
Ան­հա­մա­սե­ռու­թիւնը գրո­ղա­կան կա­րե­ւոր թե­րու­թիւն մըն է, որ կը կա­յա­նայ խօս­քի հա­մա­դաս բա­ռե­րը անմի­օ­րի­նակ ձե­ւա­ւո­րե­լու մէջ: Օրի­նակ`
***«Ե. դա­րու մա­տե­նա­գիր Ղա­զար Փար­պե­ցի պատ­մի­չը եւ ակա­դե­մի­կոս Մկր­տիչ Ներ­սիս­եա­նը մե­ծա­պէս յայտ­նի են…»:
–Պատ­կե­րաց­նենք մէ­կը, որ ոչ մէկ գա­ղա­փար ու­նի այս­տեղ յիշ­ուած յա­տուկ անուն­նե­րու մա­սին եւ այս կար­դա­ցա­ծո­վը պի­տի հաս­տա­տէ իր առա­ջին ծա­նօ­թու­թիւնը: Արդ, ի՞նչ կ’ըսէ այս նա­խա­դա­սու­թիւնը ըն­թեր­ցո­ղին, ճիշդ ի՞նչ տե­ղե­կու­թիւն կու տայ ան:
Եթէ ճիշդ կը հասկ­նանք մեր ըն­թեր­ցա­ծը, ապա պար­տինք են­թադ­րել, թէ մա­տե­նա­գիր Ղա­զար Փար­պե­ցի եւ ակա­դե­մի­կոս Մկր­տիչ Ներ­սիս­եան կը պատ­կա­նին… Ե. դա­րուն, այ­սինքն` ապ­րած են Ե. դա­րուն: Այս­պէս պի­տի ըն­կա­լենք, քա­նի որ «Ե. դա­րու» բնո­րո­շու­մը քե­րա­կա­նօ­րէն կը վե­րա­բե­րի իրեն յա­ջոր­դող զոյգ անուն­նե­րուն:
Բայց ահա մեզ­մէ շա­տեր գի­տեն, որ եթէ Ղա­զար Փար­պե­ցի կը պատ­կա­նի Ե. դա­րուն, ապա Մկր­տիչ Ներ­սիս­եա­նը կը պատ­կա­նի… 20-րդ դա­րուն:
Ու­րեմն ինչ­պէ՞ս ըսել կամ գրել, որ տր­ուած տե­ղե­կու­թիւնը ճիշդ ըն­կալ­ուի:
Ահա­ւա­սիկ. «Ակա­դե­մի­կոս Մկր­տիչ Ներ­սիս­եա­նը եւ Ե. Դա­րու մա­տե­նա­գիր Ղա­զար Փար­պե­ցին մե­ծա­պէս յայտ­նի են…»:
Այս շա­րա­դա­սու­թեամբ, սա­կայն, մենք փա­րա­տած կ’ըլ­լանք թիւ­րի­մա­ցու­թիւն մը միայն, այ­սինքն` յս­տա­կա­ցու­ցած կ’ըլ­լանք, որ ակա­դե­մի­կոս Մկր­տիչ Ներ­սիս­եա­նը Ե. դա­րուն չի պատ­կա­նիր, ինչ­պէս Ղա­զար Փար­պե­ցին կը պատ­կա­նի: Սա­կայն բա­ւա­րա՞ր է այս տր­ուա­ծը, ո՛չ, բա­ւա­րար չէ, կայ տե­ղե­կատ­ուա­կան թե­րի մը, որ հե­տեւ­եալն է. եթէ կա­րե­ւոր է շեշ­տել, որ Փար­պե­ցի կը պատ­կա­նի Ե. դա­րուն, ապա նոյն­քան կա­րե­ւոր պէտք է նկատ­ուի այն դա­րը, որուն կը պատ­կա­նի ակա­դե­մի­կո­սը:
Յիշ­եալ թե­րին կա­րե­լի է դար­մա­նել հե­տեւ­եալ կա­ռոյց­նե­րով.
–Ե. դա­րու մա­տե­նա­գիր Ղա­զար Փար­պե­ցին եւ մե­րօր­եայ ակա­դե­մի­կոս Մկր­տիչ Ներ­սիս­եա­նը:
Մե­րօր­եայ-ին փո­խա­րէն կա­րե­լի է դնել նա­եւ ժա­մա­նա­կա­կից կամ պար­զա­պէս` 20-րդ դա­րու ակա­դե­մի­կոս Մկր­տիչ Ներ­սիս­եա­նը: Ասոնք բո­լորն ալ ի վի­ճա­կի են հա­կակշ­ռե­լու «Ե. դա­րու»-ն ը:
* * *
Տես­նենք ան­հա­մա­սե­ռու­թեան երկ­րորդ օրի­նակ մըն ալ:
***«Սե­ղա­նին վրա­յէն կը ժպ­տէ­ին ֆրան­սա­կան գի­նին, պա­նի­րը եւ ձկն­կի­թը»:
–Ինչ­պէս վե­րի, այն­պէս ալ այս օրի­նա­կին մէջ ֆրան­սա­կան ածա­կա­նը քե­րա­կա­նօրէն կը վե­րա­բե­րի գինի­ին, պա­նի­րին, ձկն­կի­թին: Այս­պէս պի­տի գրէ­ինք այն պա­րա­գա­յին, ուր ժպ­տող գի­նին, պա­նիրն ու ձկն­կի­թը իրօք ֆրան­սա­կան ծա­գում ու­նե­նա­յին:
Իսկ եթէ այդ­պէս չէ, եւ միայն գի­նին է, որ ֆրան­սա­կան է, ու­րեմն գրո­ղը պար­տէր ձեւը գտ­նել եւ մե­կու­սաց­նել «ֆրան­սա­կան գի­նին»: Օրի­նակ` «Սե­ղա­նին վրա­յէն կը ժպ­տէ­ին պա­նի­րը, ձկն­կի­թը եւ ֆրան­սա­կան գի­նին»:
Այս վեր­ջին պա­րա­գա­յին ալ կա­ռոյ­ցը խո­ցե­լի է ան­հա­մա­սե­ռութ­եամբ. ար­դա­րեւ, եթէ հա­ղոր­դա­կան շղ­թա­յին մէջ կա­րե­ւոր էր ժըպ­տող գինիի ծա­գու­մին յի­շա­տա­կու­մը, ապա նոյն­քան կա­րե­ւոր պէտք էր սե­պել ծա­գու­մը պա­նի­րին ու ձըկն­կի­թին. օրի­նակ` «Սե­ղա­նին վրա­յէն կը ժպ­տէ­ին ֆրան­սա­կան գի­նին, յու­նա­կան պա­նիրն ու պարս­կա­կան ձկն­կի­թը»:
* * *
Տես­նենք ան­հա­մա­սե­ռու­թեան կարգ մը այլ տի­պար­ներ:
ա) Բա­յա­կան ան­հա­մա­սե­ռու­թիւն
Այս­պէս կը կո­չենք այն կա­ցու­թիւնը, ուր չէ յարգ­ուած հա­մա­դաս բա­յե­րու սե­ռը:
Օրի­նակ. «Գրի­գոր ստիպ­ուած է յար­գել ու հնա­զան­դիլ վար­պե­տին»:
Վար­պե­տին խն­դի­րը, որ տրա­կան հո­լով դր­ուած է, կը գո­հաց­նէ միայն հնա­զան­դիլ բա­յը, որ չէ­զոք է: Մինչ յար­գել բա­յը, որ ներ­գոր­ծա­կան է, կը պա­հան­ջէ հայ­ցա­կան հո­լով խն­դիր` վար­պե­տը:
Ու­րեմն իր ոճը խնա­մո­ղը պի­տի ըսէր. «Գրի­գոր ստիպ­ուած է յար­գել վար­պե­տը եւ հնա­զան­դիլ անոր»:
Նա­եւ` «Ան ծա­նօ­թա­ցաւ եւ շատ սի­րեց հայ­կա­կան երաժշ­տու­թիւնը»:
Ծա­նօ­թա­նալ չէ­զոք բա­յին եւ սի­րեց ներ­գոր­ծա­կան բա­յին տր­ուած է նոյն հայ­ցա­կան հո­լով խն­դի­րը` երաժշ­տու­թիւնը: Ու­րեմն գո­հա­ցած է բա­յե­րէն մէ­կը միայն, իսկ միւ­սը` ո՛չ:
Սա իր կար­գին պէտք է տար. «Ան ծա­նօ­թա­ցաւ հայ­կա­կան երաժշ­տու­թեան եւ շատ սի­րեց զայն»:
Եր­բեմն կա­ցու­թեան տր­ուե­լիք լու­ծու­մը վա­նո­ղա­կան է, եւ կար­ծես գրո­ղը գի­տակ­ցա­բար կը դի­մէ ան­հա­մա­սե­ռու­թեան` հնա­զան­դե­լով գե­ղա­գի­տա­կան ներ­քին ձայ­նին:
Օրի­նակ` «Ահա իմ հաս­կա­ցած եւ հա­ւա­տա­ցած բա­րե­կա­մու­թիւնս»:
Նոյն կա­ցու­թիւնն է` հասկ­նալ կը պա­հան­ջէ հայ­ցա­կան հո­լով, հա­ւա­տալ կը պա­հան­ջէ տրա­կան հո­լով, եւ այս­տեղ ու­նինք մէկ հայ­ցա­կան հո­լով խն­դիր` բա­րե­կա­մու­թիւնս:
Եթէ փոր­ձենք այս կուռ ու սեղմ ամ­բող­ջու­թիւնը քան­դել` հա­մա­սե­ռու­թեան սի­րոյն, ապա պի­տի ստեղծ­ուէր ճա­պաղ կա­ցու­թիւն մը. «Ահա այն բա­րե­կա­մու­թիւնը, որ ես կը հասկ­նամ եւ որուն կը հա­ւա­տամ»:
Ո՞ր մէ­կը ընտ­րել եւ ո՞ր մէ­կը զո­հել… կա­նո­նա­կա՞նը, որ կը նմա­նի անհ­րա­պոյր կնոջդ, թէ՞ հա­կա­կա­նո­նա­կա­նը, որ կը նմա­նի հրա­պու­րիչ քար­տու­ղա­րուհի­իդ:
բ)Ան­ուա­նա­կան ան­հա­մա­սե­ռու­թիւն
«Ան­ուա­նա­կան» կը կո­չենք ոչ-բա­յա­կան բա­ռե­րը:
Օրի­նակ` «Ցու­ցա­րար­նե­րը կը պն­դէ­ին, թէ սա ոչ թէ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, այլ քաղա­քաց­ի­ա­կան պայ­քար է»:
Այս­տեղ պայ­քար գո­յա­կա­նին տր­ուած են եր­կու լրա­ցում­ներ` կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու (պայ­քար) եւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան (պայ­քար), որոնց առա­ջի­նը սե­ռա­կան հո­լով գո­յա­կան մըն է, երկ­րոր­դը` ածա­կան մը: Ինչ որ ոճա­կա­նօ­րէն ըն­դու­նե­լի չէ. այդ լրա­ցում­նե­րը պէտք է պատ­կա­նէ­ին խօս­քի նոյն մա­սին. օրի­նակ` «կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քացի­նե­րու պայ­քար» եւ կամ «կու­սակ­ցա­կան եւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պայ­քար»:
Նա­եւ` «Առիթ կ’ըն­ծա­յեն օտար տէ­րու­թիւն­նե­րու քն­նա­դա­տու­թեան եւ մի­ջա­մուխ ըլլա­լուն»: Ուր ըն­ծա­յել բա­յին տր­ուած են եր­կու տրա­կան հո­լով խն­դիր­ներ` քն­նա­դա­տութ­եան եւ մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լուն, որոնց առա­ջի­նը գո­յա­կան մըն է` քն­նա­դա­տու­թեան, իսկ երկ­րոր­դը դեր­բայ մը` մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լուն:
Այս ան­հա­մա­սե­ռու­թիւնը կը սր­բագր­ուի հե­տեւ­եալ մի­ջոց­նե­րով.
–Առիթ կ’ըն­ծա­յէ օտար տէ­րու­թիւն­նե­րու քն­նա­դա­տու­թեան եւ մի­ջամ­տու­թեան:
–Առիթ կ’ըն­ծա­յէ օտար տէ­րու­թիւն­նե­րու քն­նա­դա­տե­լուն եւ մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լուն:
գ) Շա­րա­հիւ­սա­կան ան­հա­մա­սե­ռու­թիւն
Այս­տեղ խնդ­րոյ առար­կայ են ամ­բողջ խօս­քը յղա­նա­լու եւ զայն ձե­ւա­ւո­րե­լու վե­րաբե­րող թե­րու­թիւն­ներ:
Օրի­նակ`«Ար­կած­եա­լը ու­նէր կոտ­րած ան­րակ մը, ճա­թած կո­ղոսկր­ներ եւ անոր թո­քե­րէն մէ­կը վի­րա­ւոր­ուած էր»:
Ու­րեմն նե­րա­կա­յաց­ուած են վի­րա­ւո­րին կրած երեք վնասն­երը.
–կոտ­րած ան­րակ
–ճա­թած կո­ղոս­կր­ներ
–անոր թո­քե­րէն մէ­կը վի­րա­ւոր­ուած էր
Այս երե­քէն առա­ջին եր­կու­քը որո­շիչ-որոշ­եալ բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւն­ներ են, մինչ եր­րոր­դը ամ­բողջ նա­խա­դա­սու­թիւն մըն է:
Ինչ­պէ՞ս լու­ծել հար­ցը. պարզ է, փոր­ձե­լով նա­խա­դա­սու­թիւնը վե­րա­ծել որո­շիչ-որոշ­եալ բա­ռա­կա­պակ­ցու­թեան մը. այ­սինքն` վի­րա­ւոր­ուած թոք մը: Այ­սինքն`
«Ար­կած­եա­լը ու­նէր կոտ­րած ան­րակ մը, ճա­թած կո­ղոսկր­ներ եւ վի­րա­ւոր թոք մը»: