Երեք­շաբ­թի, 19 Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Ակա­դեմ­իա­յի նա­խա­գա­հու­թեան դահ­լի­ճին մէջ բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ հա­մազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վի մը` նուիր­ուած 1921-ին Մոսկ­ուա­յի եւ Կար­սի պայ­մա­նագ­րու­թեան 100-ամ­եա­կին: Գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պած էին ՀՀ Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազգ. Ակա­դեմ­իա­յի պատ­մու­թեան բա­ժի­նը, ՀՀ ԳԱԱ Արե­ւե­լա­գի­տու­թեան բա­ժի­նը, ՀՅԴ Հայ Դա­տի Կեդ­րո­նա­կան Խոր­հուր­դը եւ «Արեւմ­տա­հա­յոց հար­ցե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րոն»ը: Զե­կու­ցա­բեր­նե­րը հա­մե­մա­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ­ին հա­րիւր տա­րի առաջ ՀՀ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն եւ ներ­կայ իրա­վի­ճա­կին ու տա­րա­ծաշր­ջա­նի թէ արեւմտ­եան գեր­պե­տու­թիւն­նե­րու մօ­տե­ցում­նե­րուն, Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նկր­տում­նե­րուն մի­ջեւ, վեր կ՛առ­նէ­ին Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նէն բուռ մը հան­դի­սա­ցող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան անվ­տան­գու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­ներն ու պե­տա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան մշակ­ման խիստ կա­րի­քը` դի­մագ­րա­ւե­լու զաւ­թիչ եր­կիր­նե­րու փան­թուր­քիս­տա­կան ախոր­ժակ­նե­րը եւ նե­րազ­գա­յին մի­աս­նա­կա­մու­թեամբ եւ ծրագ­րա­ւո­րու­մով ամուր, դի­մադ­րո­ղա­կան վա­հան մը ստեղ­ծե­լով պաշտ­պա­նե­լու Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին շա­հե­րը: Աւե­լին. ան­կա­խու­թիւնը հա­մա­րե­լու գե­րա­գոյն ար­ժէք` ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ան­կաշ­կանդ զար­գաց­ման, իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման հա­մար: Հա­րիւր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պատ­մա­կան բո­լոր տուեալ­ներն ու անոնց յա­ջոր­դող զար­գա­ցում­նե­րը ցոյց կու տան, որ գեր­պե­տու­թիւն­նե­րը կը շար­ժին իրենց շա­հե­րէն մեկ­նած` յա­ճախ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան եւ ազ­գա­յին շա­հե­րը ան­տե­սե­լով, իսկ Թուրք­ի­ան կը շա­րու­նա­կէ Հա­յաս­տա­նը իր լու­ծին տակ առ­նե­լու եւ փան­թուր­քիս­տա­կան իր ծրա­գիր­նե­րը քայլ առ քայլ առաջ մղե­լու իր ծրա­գիր­նե­րուն իրա­կա­նա­ցու­մը, հաս­նե­լով մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի թր­քաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան` մեր եր­կի­րը տն­տե­սա­պէս եւ քա­ղա­քա­կա­նա­պէս կախ­եալ դարձ­նե­լով Թուրք­իա­յէն եւ Ատր­պէյ­ճա­նէն, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Սեւ­րի փաս­տե­րէն ձեր­բա­զա­տե­լու եւ անոնց գո­յո­ւթիւնն իսկ օգ­տա­գոր­ծե­լու որ­պէս Հա­յաս­տա­նի բռ­նա­զաւթ­ման մի­ջոց, տե­ւա­բար Թուրք­ի­ան եւ Ատր­պէյ­ճա­նը ներ­կա­յաց­նե­լով անար­դա­րու­թեան կամ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ախոր­ժակ­նե­րու զո­հեր: Վտանգ­ուած են Ար­ցախն ու Սիւ­նի­քը այս առու­մով, որով­հե­տեւ անոնց բռ­նագ­րաւ­ման առիթ բաց­ուած է Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի դի­մաց` նախ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին պե­տու­թիւն­նե­րու շա­հե­րու բա­խու­մին հե­տե­ւան­քով, ապա նա­եւ ՀՀ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն զի­ջո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­դիւն­քով: Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կա­րե­լիու­թիւն ու­նին հայ­րե­նի­քի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դիր­քե­րը ամ­րաց­նե­լու` եթէ նախ պե­տա­կան ներ­քին հար­ցե­րը կա­րե­նան լու­ծել, իշ­խա­նու­թիւն, ընդ­դի­մու­թիւն, մտա­ւո­րա­կան­ներ, քա­ղա­քա­կան տար­բեր գոր­ծիչ­ներ ի մի բե­րե­լով, զի­րար լսե­լու մշա­կոյ­թը զար­գաց­նե­լով եւ Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թիւնը մշա­կե­լով ամէ­նէն կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, որ­պէս­զի տն­տե­սա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րու բա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րը զի­ջե­լու աղէ­տի չվե­րած­ուի: Վտան­գը չտես­նե­լը քա­ղա­քա­կան տհա­սու­թիւն է այս ժա­մա­նակ­նե­րուն, իսկ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ներ­քին ճա­կա­տի ամ­րապնդ­ման ու ինք­նիշ­խա­նու­թեան ան­տե­սու­մը` Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան շա­հե­րու եւ տա­րածք­նե­րու կո­րուս­տին պա­րարտ հո­ղը կը ստեղ­ծէ: «Գ.»