Վերջերս սկսած է աճ արձանագրել պսակաձեւ ժահրի վարակակիրներու թիւը, որուն զուգահեռ, նկատելի է կանխազգուշացման միջոցներու եւ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու գծով յանձնառութեան նուազումը:

Պահպանելով հանդերձ մեր բնակչութեան գիտակցութեան եւ մարդկային ու բարոյական արժէքներուն նկատմամբ մեր վստահութիւնը, հարկ կը գտնենք թափ տալ անպատասխանատու կամ անուշադիր փոքրամասնութիւնը զգաստութեան հրաւիրելու արշաւին:

Այս նպատակով, ամբողջապէս յանձնառու մնալով ընդհանուր զօրաշարժին վերաբերող որոշումներուն, որոնք տրուած են Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան կողմէ, կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յարգելու կանխազգուշական պայմանները եւ երբ հանդիպին հանրային վայրերու մէջ դիմակ կրելու, ընկերային հեռաւորութիւն պահելու եւ ձեռքերը հականեխելու:

Անձերու միջեւ ընկերային հեռաւորութիւն պահել կը նշանակէ հանրային, թէ այլ վայրերու մէջ հանդիպման պարագային իրարմէ 1,5-էն 2 մեթր տարածութիւն պահել՝ կանխարգիլելու վարակիչ հիւանդութեան տարածումը։